İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՀՐԱՆԴ ՏԻՆՔ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՄԱՏԱՂՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆԸ ՈԳԵՒՈՐ ԱՆՑԱՒ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 29 Յունուար 2023, Կիրակի առաւօտ, Հրանդ Տինք Վարժարանի ի նպաստ մատաղօրհնութեան նախագահեց Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ։

Ս. Պատարագը մատոյց Ֆերիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին սարկաւագ, կիսասարկաւագ եւ դպիրներ։ Արարողութեան ներկայ եղան Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Հոգշ. Տ. Գասպար Աբղ. Կարապետեան եւ Կէտիկփաշայի Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ հովիւ Վերապատուելի Գրիգոր Աղապալօղլու։

Երգեցողութիւնները կատարուեցան եկեղեցւոյ Գողթան Դպրաց Դաս Երգչախումբի կողմէ, առաջնորդութեամբ Յովսէփ Գույումճեանի։

Տէրունական Աղօթքէն առաջ, Պատրիարք Հայրը ուրար կրելու արտօնութիւն շնորհեց Աթոռոյս ժառանգաւոր սաներէն Բրկ. Սարվէն Դպ. Թուղլային, ապա քարոզեց եւ մեկնեց Սողոմոն Իմաստունի Ժողովողի գիրքի «Արեւի տակ ամէն ինչի համար ժամանակ մը սահմանուած է. ծնելու ժամանակ կայ, մեռնելու ժամանակ կայ, ուրախանալու ժամանակ կայ, սուգ պահելու ժամանակ կայ, ցանելու ժամանակ կայ, հնձելու ժամանակ կայ, մնաք բարովի ժամանակ կայ, ողջագուրուելու ժամանակ կայ» (Գ. գլուխէն) համարը։ Երբ մարդ ապագայի մասին մտահոգ է, այս համարը կը մխիթարէ մեզ։ Մարդու մարմինը ժամանակաւոր է ու կը մահանայ, սակայն միտքն ու հոգին անմահ է։ Մեր Հոգեւոր Պետը ըսաւ, որ մարմնաւորապէս մահացու մարդը պարտաւոր է կեանքը դիտելու վերէն՝ յաւիտենականութեան տեսանկիւնէն։ Հակառակ պարագային շատ կը տառապի։ Աղօթելն է որ մարդը ժամանակաւոր ըլլալէ կ’ազատէ եւ զայն յաւիտենական կը դարձնէ։

Մեր Հոգեւոր Պետը շեշտը դնելով Հրանդ Տինք Վարժարանին վրայ, որուն ի նպաստ սիրոյ սեղան կը սարքուէր այսօր, հրաւիրեց ներկաները գործակցիլ եւ լումաներով թիկունք կանգնիլ սոյն նուիրական հաստատութեան։ Վարժարանը նոր սերունդ կը կերտէ եւ Հրանդ Տինք Վարժարանը Հայաստանէն քաղաքս եկած մեր արենակիցներուն համար կը շարունակէ իր առաքելութիւնը, շնորհիւ բարերարներու։

Նորին Ամենապատուութիւնը շնորհաւորեց Հրանդ Տինք Վարժարանի պատասխանատուները, տնօրէնութիւնը, ուսուցիչները, ուսանողները եւ բոլորին կարողութիւն մաղթեց իրենց սուրբ գործին մէջ։

Յաւարտ Ս. Պատարագի, կատարուեցաւ Հրանդ Տինք Վարժարանի սատարողներու համար հոգեհանգստեան կարգ եւ մատաղօրհնէք։

Ս. Պատարագը ուղիղ եթերով տեսասփռուեցաւհամացանցի միջոցաւ ( https://www.facebook.com/TRHayBad/videos/1522718624880291

Եկեղեցական արարողութեանց աւարտին, Յարութիւն Ամիրա Պէզճեան սրահին մէջ սարքուեցաւ սիրոյ սեղան։

Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın