İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՀՐԱՇԱՓԱՌԻ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆ ՄԱՅՐ ՏԱՃԱՐԻ ՄԷՋ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, աւարտելով դէպի Երուսաղէմ կատարած ուխտագնացութիւնը, 27 Յունուար 2023, Ուրբաթ ուշ երեկոյ, վերադարձաւ Աթոռ։ Նկատի ունենալով ժամուն անյարմարութիւնը, Հրաշափառի հանդիսութիւնը կատարուեցաւ յաջորդ 28 Յունուար 2023, Շաբաթ առաւօտ։

Աթոռոյս միաբան հայրեր Նորին Ամենապատուութիւնը Պատրիարքարանէն առաջնորդեցին Ս. Աստուածածին Մայր Տաճար, ուր քահանայ հայրերու եւ ժառանգաւորներու երգած Հրաշափառ շարականի երգեցողութեամբ եկաւ բեմի առաջ։ Այստեղ կատարուեցաւ կանոնական սաղմոսասացութիւն։

Արարողութեան աւարտին, յանուն հոգեւորականաց դասու, Գերշ. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեան բարի գալստեան ուղերձ արտասանեց եւ յոյս յայտնեց որ Նորին Ամենապատուութեան ուխտագնացութիւնը անցած է ոգեւոր եւ բոլորին համար՝ շինիչ։

Ի պատասխան Սրբազան Հօր, խօսեցաւ մեր Հոգեւոր Պետը եւ նախ փառք տուաւ Աստուծոյ, որ ուխտագնացութիւնը անցած է շատ լաւ եւ ինք ու ուխտաւորներու խումբը ողջմամբ եւ անփորձանք հասած են։ Նորին Ամենապատուութիւնը անդրադարձաւ Երուսաղէմի մէջ Հայ Եկեղեցւոյ ներկայութեան ու իրաւունքներուն մասին եւ ըսաւ թէ ուխտաւորներու ալ մասնակցութեամբ ոգեւորուած են Երուսաղէմի միաբանները եւ առաւել եւս ամրացած է նուիրապետական երկու Աթոռներու արդէն իսկ առկայ եղբայրական յարաբերութիւնները։

Պատրիարք Հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց բոլորին, որոնց համագործակցութեամբ ամէն ինչ շարունակուած է ըստ նախընթացի։ Մեր Հոգեւոր Պետը յիշեց իր նախապէս ներկայ եղած հրաշափառի հանդիսութիւնները եւ ըսաւ թէ անձերը կը փոխուին, սակայն եկեղեցին կը մնայ եւ հրաւէր կարդաց բոլորին ձեռք ձեռքի տալով ծառայել եկեղեցւոյ պայծառութեան։

Իր խօսքի աւարտին Նորին Ամենապատուութիւնը օրհնեց Հայ Եկեղեցւոյ նուիրապետական աթոռները՝ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինը, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը եւ Ս. Երուսաղէմի Պատրիարքութիւնը, անոնց միաբանութիւնները եւ անսասանութիւն մաղթեց բոլորին։

Արարողութիւնը իր աւարտին հասաւ միաբերան արտասանուած Տէրունական Աղօթքով։

Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın