İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՄԱՄԼՈՅ ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

23 Յունուար 2023 Երկուշաբթի օր, Ղալաթիոյ Սուրբ Փրկիչ Հայ կաթողիկէ առաջին աթոռանիստ եկեղեցիին յարակից շէնքերուն մէջ, ուշ երեկոյեան ժամերուն ծագած հրդեհը խորապէս ցնցած է Հայ կաթողիկէ համայնքը։ Իսթանպուլի Մեծ Քաղաքի Քաղաքապետարանի Հրշիջային Բաժանմունքին կողմէ ուղղորդուած եւ յարմար ժամանակին աղէտին վայրը հասած հրշէջ խմբակներուն ներազդու կերպով առաջ տարած շիջումի աշխատանքներուն շնորհիւ խնդրոյ առարկայ կառոյցներուն մէջ բնակող 6 հոգիէն չորսը կարելի եղած է փրկել, մինչ երկուքը հոգինին աւանդած են։

Այս առթիւ, ողբերգականօրէն կեանքէն բաժնուած Ժոզեֆին Էքմեքչիօղլուի եւ Ֆեհիմ Աթսուփի համար կը հայցենք Բարձրեալին ողորմութիւնը եւ անոնց հարազատներուն կը յայտնենք մեր խորին ցաւակցութիւնը։

Բոլոր անոնց՝ որոնք աղէտի պահուն կամ յաջորդաբար մեր մօտը եղան կամ մեզ փնտռեցին՝ կը յայտնենք մեր խորին շնորհակալութիւնը ու երախտիքի մեր խորին զգացումները, եւ յատկապէս՝

Թուրքիոյ Ազգային Մեծ Ժողովի Նախագահ՝ մեծայարգ Տիար Մուսթաֆա Շենթոփի,

Իսթանուլի Կուսակալ՝ մեծայարգ Տիար Ալի Երլիքայայի,

Պեյօղլուի Քաղաքապետ՝ մեծայարգ Տիար Հայտար Ալի Եըլտըզի,

Իսթանպուլի Մեծ Քաղաքի Քաղաքապետ՝ մեծայարգ Տիար Էքրեմ Իմամօղլուի,

Պեյօղլուի Քայմաքամ՝ մեծայարգ Տիար Մոսաթաֆա Տեմիրէլլիի,

Պեյօղլու Աւանի Ապահովութեան Տնօրէն՝ մեծայարգ Տիար Աշքըն Քըլըչքեսերի,

Իսթանպուլի Մեծ Քաղաքի Հրշիջային Բաժանմունքի Տնօրէն՝ մեծայարգ Տիար Ռեմզի Ալպայրաքի եւ իր աշխատակազմին,

Քաղաքներու Մասնաւոր Վարչութեան Ընդհանուր Տնօրէն՝ մեծայարգ Տիար Մեհմետ Եիւզերի,

Իսթանպուլ քաղաքի Միւֆթիին՝ մեծայարգ Տիար Պրոֆ․ Դոկտ․ Սաֆի Արփակուշի,

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Նորին Ամենապատիւ Տէրութիւն Տ․ Սահակ Բ․ի,

Թուրքիոյ Հայոց նախկին Պատրիարքական Փոխանորդ՝ Բարձրաշնորհ Տ․ Արամ Արք․ Աթէշեանի,

Ասորի Կաթողիկէներու Պատրիարքական Փոխանորդ՝ Գերյ․ Տ․ Օրհան Չանլըի․

Սեւ Ծովեան Տնտեսական Համագործակցութեան Կազմակերպութեան (ՍԾՏՀԿ) մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցիչ՝ մեծայարգ Տիար Սահակ Սարգսեանի,

Ճեմ Վաքֆի Նախագահ՝ մեծայարգ Տիար Պրոֆ․ Դոկտ․ Իզզեթթին Տողանի,

այս դժուար պայմաններուն՝ իրեն դռները բանալով, մեզի նեցուկ կանգնող Ղալաթիոյ Ս․ Գիգոր Լսւսաւորիչ եկեղեցւոյ Վաքֆի Պաուարժան Հոգաբարձութեան,

հուսկ՝ նոյնպէս գրութեամբ կամ հեռաձայնով մեզ փնտռող, մեր ցաւը կիսող բոլոր բարեկամներուն եւ ծանօթներուն կը յայտնենք մեր խորին շնորհակալութիւնը, մեր սրտագին երախտիքը։

Դիւան Առաջնորդարանի Իսթանպուլի եւ Թուրքիոյ Կաթողիկէ Հայոց

եւ Հոգաբարձութիւն Ղալաթիոյ Ս․ Փրկիչ եկեղեցւոյ

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın