İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՅՈՐԴԱՆԱՆ ԳԵՏԻ ՄԷՋ ՋՐՕՐՀՆԷՔ

Երուսաղէմի մէջ տաղաւարի հանդիսութեանց չափ իւրայատուկ է Տէր Յիսուս Քրիստոսի մկրտութեան խորհրդանիշ ջրօրհնէքը, որ կը կատարուի Յորդանան գետի ափին։

Այս տարի ջրօրհնէքի հանդիսութիւնը աւելի փառաւոր դարձաւ Ս. Երուսաղէմի Ն.Ա.Տ. Նուրհան Պատրիարք Հօր հետ միասին Պոլսոյ Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր մասնակցութեամբ։

Երկու Պատրիարքներ, 22 Յունուար 2023, Կիրակի առաւօտ, ժամը 11.30-ին Երուսաղէմի Ս. Յակոբեանց մայրավանքէն ինքնաշարժերու թափորով մեկնեցան դէպի Յորդանան Գետի ափը։ Իրենց կ’ընկերանային Ս. Յակոբեանց միաբանութեան անդամները, Պոլսոյ Պատրիարքի շքախումբը, հիւր հոգեւորականներ, ժառանգաւորներ, ինչպէս նաեւ ուխտաւորներու բազմութիւն մը։

ԱՅՑ ԵՐԻՔՈՎԻ ԿՈՒՍԱԿԱԼԻՆ

Ժամը 11.30-ին, երկու Պատրիարքներ, ընկերակցութեամբ՝ Ս. Երուսաղէմի Լուսարարապետ՝ Գերշ. Տ. Սեւան Արքեպս. Ղարիպեանի եւ միաբան հայրերու, այցելեցին աշխարհի ամենահին քաղաք՝ Երիքով եւ հանդիպում ունեցան կուսակալ՝ Մաճիտ Ալ-Ֆիտանիի հետ:

Սրբազան Պատրիարք Հայրերը եւ հոգեւոր հայրեր դիմաւորուեցան Երիքովի կառավարութեան ողջ աշխատակիցներուն կողմէ: Իր խօսքին մէջ Երիքովի Կուսակալը յայտնեց իր ուրախութիւնը զոյգ Հայ Պատրիարքներու այցին համար:

Ապա Սուրբ Աթոռոյ Գահակալը շնորհակալութիւն յայտնեց ջերմ ընդունելութեան ու հիւրասիրութեան համար եւ յաջորդ տարի դարձեալ տեսնուելու յոյսով՝ հրաժեշտ տուաւ կուսակալին:

ՋՐՕՐՀՆԷՔ

Հանդիպումէն յետոյ զոյգ Սրբազան Պատրիարքներու գլխաւորած պատուիրակութեան միացան նաեւ ողջ Միաբանութիւնը, Ժառանգաւոր սաներ եւ ուխտաւորներու խուռներամ բազմութիւնը, որոնք ուղղուեցան դէպի Յորդանան գետ, ուր ձեռամբ Պոլսոյ Ն.Ա.Տ. Սահակ Պատրիարք Հօր կատարուեցաւ Ջրօրհնեաց արարողութիւնը: Այս տարուան խաչ-քաւորն էր ժառանգաւոր սաներէն Մուշեղ Սարգսեան:

Մինչ այդ Յորդանանի Հայոց Առաջնորդ՝ Հոգշ. Տ. Աւետիս Ծ. Վրդ. Իփրաճեանի գլխաւորութեամբ Յորդանանահայեր, գետի դիմացի ափէն կը մասնակցեցան արարողութեան։

Ժամը 13.15-ին, «Լոյս» շարականի երգեցողութեամբ սկսաւ Քրիստոսի խորհրդանշական Մկրտութեան արարողութիւնը։ Այնուհետեւ ներկաներ հոգեւոր ուրախութեամբ հետեւեցան արարողութեան։ Ն.Ա.Տ. Սահակ Պատրիարք Հայրը հակիրճ խորհրդածականով անդրադարձաւ Յորդանանի մէջ կատարուած մկրտութեան իմաստին։ Յորդանանի կողմէ արտայայտուեցաւ նաեւ Հոգշ. Տ. Աւետիս Ծ. Վարդապետ։

ՃԱՇԿԵՐՈՅԹ

Պատրիարքներ եւ Ս. Յակոբեանց միաբանութիւնը, ժամը 14.15ին վերադարձան Երիքով, ուր տեղի ունեցաւ սիրոյ սեղան։

*

Երեկոյեան, Նորին Ամենապատուութիւնը գլխաւորելով ուխտաւորներու խումբը, այցելեց Փորձութեան Լերան մերձակայքը։

Իսկ կէս գիշերէն ետք, Ս. Յարութեան Տաճարին մէջ ժամերգութիւն կատարուեցաւ։ Ժամօրհնողն էր Հոգշ. Տ. Կոմիտաս վրդ. Շէրպէթճեան։ Ժամը 03.30-ին Քրիստոսի Լոյս Գերեզմանին վրայ իր ուխտի Ս. Պատարագը մատոյց Աթոռոյս միաբաններէն Հոգշ. Տ. Յովակիմ Աբղ. Սերովբեան։ Պոլսահայ ուխտաւորներու խումբը մասնակցեցաւ սոյն արարողութեանց եւ Ս. Հաղորդութիւն ստացաւ։

Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın