İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԱՒԱՐՏԵՑԱՒ ԴԷՊԻ ԳԱԼԻԼԻԱ ՈՒԽՏԱԳՆԱՑՈՒԹԻՒՆԸ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, Հին Տոմարով Ս.Ծննդեան արարողութեան մասնակցելէ ետք, հոգեւոր հայրերու, քաղաքէս եւ զանազան երկիրներէ ուխտաւորներու հետ մեկնած էր Գալիլիոյ շրջանի Սուրբ Գրական վայրերը այցելելու, շարունակեց եւ աւարտեց այս շրջանի ուխտագնացութիւնը։

Մեր Հոգեւոր Պետը, հոգեւոր հայրեր եւ քառասուն վեց հոգինոց ուխտաւորներու խումբը 21 Յունուար 2023, Շաբաթ առաւօտ ճամբայ ելաւ դէպի Թապղա։

ԹԱՊՂԱ

Թապղան այն վայրն էր, ուր Տէր Յիսուս Քրիստոս բազմացնելով երկու ձուկն ու հինգ հացը, կերակրած էր հինգ հազար հոգի։

Արժ. Տ. Նաթան Քհնյ. Արապեան բացատրութիւններ տուաւ ներկայ եկեղեցւոյ պատմութեան մասին։

Եկեղեցւոյ մէջ երգուեցան Ս. Պատարագի ճաշու բաժինէն հոգեւոր երգեր, ապա Հոգշ. Տ. Յովակիմ Աբղ. Սերովբեան կարդաց Աւետարանական բաժինը։

ՄԵՆՍԱ ՔՐԻՍՏԻ (ՔՐԻՍՏՈՍԻ ՍԵՂԱՆԸ)

Ուխտաւորներ ապա այցելեցին Թապղայի մերձակայ Մենսա Քրիստի սրբատեղին, որ այն վայրն էր, ուր Տէր Յիսուս Քրիստոս իր յարութենէն յետոյ առաւօտ մը հաց եւ ձուկով կերակրած էր իր աշակերտները։

Փոքրիկ եկեղեցին կը գտնուի Գալիլիոյ Լիճի եզերքը։ Ուխտաւորներ այստեղ աղօթելէ ետք իջան ծովափ, ուր Հոգշ. Տ. Գասպար Աբղ. Կարապետեան կարդաց Աւետարանական բաժինը, Արժ. Տ. Նաթան Քհնյ. Արապեան բացատրութիւններ տուաւ ներկայ եկեղեցւոյ պատմութեան մասին, ապա Նորին Ամենապատուութիւնը կարճ հոգեւոր խորհրդածութիւն կատարեց, ընդգծելով հոգեւոր սնունդի կարեւորութիւնը։

ՆԱՒՈՒ ՊՏՈՅՏ

Ուխտագնացութեան ամենահետաքրքրական միջոցներէն էր Գալիլիոյ Լիճի վրայ կատարուած ծովագնացութիւնը։ Նորին Ամենապատուութեան գլխաւորութեամբ ուխտաւորներ մտան երկու հազար տարի առաջուան նաւերու նմանութեամբ պատրաստուած նաւ մը, ուր շուրջ մէկ ժամ ճամբորդեցին։ Այս միջոցին Արժ. Տ. Նաթան Քհնյ. Արապեան բացատրութիւններ տուաւ Գալիլիոյ կամ Տիբերական ծովու մասին, ապա Հոգշ. Տ. Յովակիմ Աբղ. Սերովբեան կարդաց Մատթէոսի Աւետարանէն Գալիլիոյ Ծովու հետ առընչուած բաժիններ, ապա Նորին Ամենապատուութիւնը կարճ հոգեւոր խորհրդածութիւն կատարեց ու ըսաւ թէ մարդ բնութեան մէջի առանձնութեամբ աւելի դիւրաւ կը մէկտեղուի աստուծոյ հետ։ Այս իսկ պատճառաւ կարեւոր է մերթ ընդ մերթ առանձնանալ բնութեան ծոցին մէջ։ Երգուեցան Ս. Պատարագէ հոգեւոր երգեր։

ՃԱՇ

Ապա Նորին Ամենապատուութիւնն ու ուխտաւորները մերձակայ ճաշարանի մը մէջ մէկտեղուեցան սիրոյ սեղաններու շուրջ։

Այստեղ հաճելի անակնկալ էր Նորին Ամենապատուութեան հանդիպումը Գերշ. Տ. Վահան Եպս. Յովհաննէսեանի եւ Աշոտ Թունեանի հետ։

ԵՐԱՆԵԱՑ ԼԵՌ

Գալիլիոյ շրջանի ուխտագնացութեան վերջին կայանը եղաւ Երանեաց Լեռը։ Տէր Յիսուս Քրիստոսի քարոզութեան ամենադիպուկ եւ ամենաիմաստալից մասն է Լերան Քարոզը, որ տեղի ունեցած է այստեղ։ Տիրոջ արտասանած ինն երանիներու որպէս խորհրդանիշ իննակողմ յատակագիծով կառուցուած եկեղեցւոյ մէջ Հոգշ. Տ. Յովակիմ Աբղ. Սերովբեան կարդաց Մատթէոսի Աւետարանէն Լերան քարոզի ինն երանիներու բաժինը, ապա, օրուան շաբաթ եւ երեկոյ ըլլալուն, երգուեցաւ Լոյս զուարթ երգը։ միասնաբար արտասանուած Տէրունական Աղօթքով եւ Պատրիարք Հօր օրհնութեամբ աւարտեցաւ այս այցելութիւնը։

*

Ուխտաւորներ երեկոյեան վերադարձան Երուսաղէմ, իսկ վաղը պիտի մեկնին Յորդանան գետ, ուր Երուսաղէմի Ն.Ա.Տ. Նուրհան եւ Պոլսոյ Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. պատրիարքները, որպէս խորհրդանիշ Տէր Յիսուս Քրիստոսի մկրտութեան՝ պիտի կատարեն ջրօրհնէք։

Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın