İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՈՒԽՏԱԳՆԱՑՈՒԹԻՒՆ ԴԷՊԻ ԳԱԼԻԼԻՈՅ ՇՐՋԱՆԸ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, Հին Տոմարով Ս.Ծննդեան արարողութեան մասնակցելէ ետք, քաղաքէս եւ զանազան երկիրներէ ուխտաւորներու հետ մեկնեցաւ Գալիլիոյ շրջանը՝ այցելելու համար Սուրբ Գրական վայրեր։ Նորին Ամենապատուութեան կ’ընկերանան հոգեւոր հայրեր։

Մեր Հոգեւոր Պետը, հոգեւոր հայրեր եւ քառասուն վեց հոգինոց ուխտաւորներու խումբը 20 Յունուար 2023, Ուրբաթ առաւօտ կանուխ ճամբայ ելաւ դէպի Գալիլիոյ շրջան։

ՊԱՅԾԱՌԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՆ ԼԵՌ

Հանգիստ ճամբորդութենէ ետք, ուխտաւորներ ժամը 09.30-ին հասան Թափօր Լեռ, ուր Տէր Յիսուս Քրիստոս իր երեք առաքեալներուն ներկայութեան պայծառակերպուած էր, ինչպէս արձանագրուած է Ս. Աւետարաններուն մէջ։ Տաճարի Ս. Մովսէս Մարգարէի մատրան մէջ երգուեցան Ս. Պատարագի ճաշու բաժինէն հոգեւոր երգեր, ապա Հոգշ. Տ. Յովակիմ Աբղ. Սերովբեան կարդաց Աւետարանական բաժինը, Արժ. Տ. Նաթան Քհնյ. Արապեան բացատրութիւններ տուաւ ներկայ եկեղեցւոյ պատմութեան մասին, ապա Նորին Ամենապատուութիւնը կարճ հոգեւոր խորհրդածութիւն կատարեց։

ՆԱԶԱՐԷԹ

Ուխտաւորներու խումբը մեկնեցաւ Նազարէթ, ուր անցած էին Տէր Յիսուս Քրիստոսի մանկութեան տարիները։ Այստեղ կային նաեւ այլ սրբավայրեր։

Աւետման եկեղեցի

Նազարէթի մէջ այսօր գոյութիւն ունի հսկայ տաճար մը, կառուցուած ս. կոյս Մարիամ Աստուածամօր տան վրայ եւ ձօնուած է Աւետման։ Երկյարկանի տաճարի գետնայարկին մէջ յայտնաբերուած է Ս. Կոյսի տան վայրը։ Իսկ Երկրորդ յարկին վրայ կայ դատաստանի օրուան հսկայ սրբանկար մը։

Այստեղ ուխտաւորներ երգեցին Ս. Կոյս Աստուածամօր ձօնուած «Ս. զԱստուածածինն օրհնութեամբ մեծացուցանեմք» շարականը, ապա Հոգշ. Տ. Յովակիմ Աբղ. Սերովբեան կարդաց Աւետարանական բաժինը, Արժ. Տ. Նաթան Քհնյ. Արապեան բացատրութիւններ տուաւ ներկայ եկեղեցւոյ պատմութեան մասին, ապա Նորին Ամենապատուութիւնը կարճ հոգեւոր խորհրդածութիւն կատարեց։

Տաճարը կը կոչուի նաեւ Ազգերու եկեղեցի եւ արտաքին գաւիթին մէջ կան զանազան ազգերու, իրենց մշակոյթով գծագրուած Տիրամօր ու Յիսուս Մանուկի նկարները։ Քանի մը տարի առաջ այստեղ տեղադրուած էր նաեւ հայկական ոճով յախճապակեայ Տիրամօր սրբանկարը, որուն առջեւ հոգեւոր հայրեր նկարուեցան։

Յովսէփի տունը

Աւետման տաճարին մերձակայ գոյութիւն ունի Ս. Յովսէփ Աստուածահօր տունը, ուր եւս այցելեցին ուխտաւորներ եւ աղօթք վերառաքեցին։ Անոնք տեսան նաեւ եկեղեցւոյ գետնայարկին Ս. Յովսէփի շրջանէն մնացած տան հիմերն ու պատերու մնացորդացը։

ԿԱՆԱ

Ուխտագնացութեան այս օրուան վերջին կայանն էր Կանա գիւղը, ուր Տէր Յիսուս Քրիստոս գործած էր իր առաջին հրաշքը՝ ջուրը գինիի փոխելով։ Փոքրիկ եկեղեցին այցելելէ ետք, ներսը Ս. Պատարագի ժամ ըլլալուն, Հոգշ. Տ. Յովակիմ Աբղ. Սերովբեան արտաքին գաւիթին մէջ կարդաց Աւետարանական բաժինը, Արժ. Տ. Նաթան Քհնյ. Արապեան բացատրութիւններ տուաւ ներկայ եկեղեցւոյ պատմութեան մասին, երգուեցաւ «Տէր ողորմեա», ապա Նորին Ամենապատուութիւնը կարճ հոգեւոր խորհրդածութիւն կատարեց։

ՄԱԿՏԱԼԱ-ՀԻՒՐԱՆՈՑ

Յոգնեցուցիչ, սակայն հոգեւոր ապրումներով լեցուն օրուան աւարտին, ուխտաւորներ իջեւանեցան Մակտալա գիւղի հիւրանոցը։ Այս գիւղը առաւել եւս ծանօթ է որպէս ծննդավայրը Մարիամ Մագթաղենացիի։

Այստեղ ընթրիքէ ետք, Նորին Ամենապատուութեան ներկայացաւ հիւրանոցի մատուռներու հոգեւոր հովիւը, որ մանրամասն բացատրութիւններ տուաւ հիւրանոցին ներքին պարտէզին մէջ յայտնաբերուած Առաջին դարու սինակոկի մնացորդացի, նոր եւ նաւանման կառուցուած խորանով մատրան եւ միւս մատուռներու, ինչպէս նաեւ շրջանի պատմական քարտէսի յստակածաւալ խճանկարի մասին։

*

Ուխտաւորներ վաղը եւս պիտի շարունակեն շրջանի սրբավայրերը այցելել, յետոյ պիտի վերադառնան Երուսաղէմ։

Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad 

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın