Այսօր՝ Հինգշաբթի, 19 Յունուար 2023-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց ղպտի եկեղեցւոյ հոգեւոր պետ Ն.Ս. Թաուատրոս Պատրիարքին ներկայացուցիչը, որ միաժամանակ Լիբանանի ու Սուրիոյ ղպտի համայնքներուն հոգեւոր պետն է: Ան Հայրապետին փոխանցեց Պատրիարքին եղբայրական ողջոյնները, ապա անդրադարձաւ ղպտի համայնքին առնչուած կարգ մը հարցերուն:
Նորին Ս. Օծութիւնը շեշտեց հայ եկեղեցւոյ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ու ղպտի եկեղեցւոյ հետզհետէ աճող գործակցութեան կարեւորութիւնը, յատկապէս աստուածաբանական ու միջ-եկեղեցական մարզերէն ներս:
Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad
İlk yorum yapan siz olun