İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԽԱՅՏԱԲՂԷՏ ԵՒ ԽԱՆԴԱՎԱՌ

CRR-ի մէջ, Հարպիյէ, երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ բացառիկ համերգ մը։ Բառին բուն իմաստով արտասովոր ձեռնարկ մըն էր այս մէկը, որու ընթացքին սրահը բերնէ բերան լեցուցած երաժշտասէրները ունեցան անմոռանալի ապրումներ։ Խայտաբղէտ եւ խանդավառ այս ձեռնարկը վստահաբար բոլոր ներկաներու յիշողութեան մէջ քանդակուած մնայ երկար ժամանակ։

Երէկուանը, առաջին հերթին, համակրելի մեներգչուհի Սիպիլի համերգն էր։ Ան երկար ընդհատումէ մը վերջ հանդէս եկաւ Իսթանպուլի մէջ։ Բայց, նախագիծը այնպէս մը մշակուած էր, որ Սիպիլի համերգէն անդին՝ երեկոյթը արուեստագէտներու տողանցքի մը վերածուեցաւ։ Սիպիլի առընթեր հանդէս եկաւ Երեւանէն այլ սիրուած եւ շատ յայտնի մեներգիչ մը՝ Անտրէ Սիմոնեան։ Ծրագրին մէջ բաժին վերապահուած էր Կէտիկփաշայի «Հրանդ Տինք» դպրոցի երգչախումբին՝ գլխաւորութեամբ Հրանդ Չիզմէճեանի, ինչպէս նաեւ յայտնի արուեստագիտուհի Այշէնուր Քոլիվարի։ Շատ որակեալ սիմֆոնիք նուագախումբ մըն ալ յայտագրի ողջ տեւողութեան երաժշտասէրները հմայեց իր կատարումներով՝ խմբավարութեամբ Սիպիլ Արսէնեանի։ Ի լրումն այս բոլորին, «Առագաստ» նուագախումբն ալ բաժին ունէր ծրագրին մէջ։ Երկու բաժիններէ բաղկացեալ յայտագրին տեւողութեան ներկաները շուրջ 20 կտորներ ունկնդրեցին։ Իւրաքանչիւր գործ իսկապէս մեկնաբանուեցաւ բարձր մակարդակով եւ որակով, ինչ որ պայմանաւորեց լեփ-լեցուն դահլիճին ոգեւոր մթնոլորտը։

Երէկուան բացառիկ համերգը պատուեցին Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, վերապատ-ւելի Գրիգոր Աղապալօղլու, Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցիչ Սահակ Սարգսեան եւ կողակիցը՝ Արփինէ Աւդալեան, ինչպէս նաեւ Իսթանպուլի գլխաւոր քաղաքապետութեան ներկայացուցիչները։ Համայնքային շրջանակներէն յայտնի դէմքեր եւս ունկնդիրներու շարքին էին։

Երեկոյթի յայտագիրը գործադրուեցաւ՝ հանդիսավարութեամբ Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդէն Գարէն Թէրզեանի։ Երեկոյթը կազմակերպուած էր ի նպաստ Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանի եւ Գալֆաեան Տան։ Ծրագրին հովանաւոր հանդիսացած էին Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութիւնն ու Գարակէօզեան Տան խնամակալութիւնը։ Կարգադիր յանձնախումբի համաատենապետները՝ Նուրհան Փալաքօղլու եւ Լեւոն Տէօքմէճեան ի յիշատակ այս երեկոյթին յուշանուէրներ յանձնեցին հովանաւորներուն։ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան անունով յուշանուէրը ստացաւ ատենադպիր Մկրտիչ Սերթշիմշէք, իսկ Գարակէօզեան Տան խնամակալութեան անունով՝ Սեւան Չավուշեան։

Ծրագրի աւարտին հանդիսատեսները որոտընդոստ ծափահարութիւններով ողջունեցին յայտագրի մասնակից արուեստագէտները եւ այդ ծափահարութիւններու ընդմէջէն, բնականաբար, բաժին դուրս եկաւ նաեւ լուսահոգի Հրանդ Տինքին համար՝ քանի ձեռնարկը կը զուգադիպէր իր նահատակութեան տարելիցի նախորդած երեկոյթին։

http://www.jamanak.com/content/թրքահայ-կեանք/19-01-2023-խայտաբղէտ-եւ-խանդավառ

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın