Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր Երուսաղէմ այցելութեան օրերուն, Հին Տոմարով Ս. Ծննդեան տօնակատարութիւնը իր գագաթնակէտին հասաւ 18 Յունուար 2023, կէս գիշերի հանդիսութեամբ։
Նոյն գիշեր, Բեթղեհէմի Ս. Ծննդեան տաճարին մէջ կատարուեցաւ տաղաւարի գիշերային եւ առաւօտեան Ժամերգութիւններ։
Կէս գիշերին, Ս. Ծննդեան այր իջան Երուսաղէմի Ն.Ա.Տ. Նուրհան Պատրիարք Հայրը եւ Պոլսոյ Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, ինչպէս նաեւ միաբանութիւնը եւ այնտեղ անգամ մը եւս սկսաւ երգուիլ հրեշտակներու օրհներգութիւնը. «Փառք ի բարձունս Աստուծոյ եւ յերկիր խաղաղութիւն…»։
Ապա Երուսաղէմի Ն.Ա.Տ. Նուրհան Պատրիարք Հայրը Ս. Ծննդեան այրէն կարդաց իր պատգամը, ընդգծելով Քրիստոսի խաղաղութեան իշխան ըլլալու հանգամանքը, շեշտեց նաեւ սիրոյ եւ խաղաղութեան կարեւորութիւնը։
Երգուեցան Ս. Ծննդեան շարականներ։
Ս. Այրի մէջ կատարուած արարողութեան մասնակցեցան նաեւ յանուն Պաղեստինի Նախագահի՝ Վարչապետ Մուհամմէտ Իշթիյյէ եւ Բեթղեհէմի Քաղաքապետ Անթոն Սալման։
Փառք ի բարձունսի արարողութեան աւարտին, ներկայ պետական անձինք շնորհաւորեցին զոյգ պատրիարքները եւ բարեմաղթանքներ կատարեցին Հայոց Ս. Ծննդեան տօնին առթիւ։
Յետ ճաշու ժամերգութեան, ժամը 02.00-ին, Ս. Ծննդեան Տաճարի Հայոց Ս. Սեղանին վրայ պատարագեց աթոռոյս միաբաններէն Հոգշ. Տ. Յովակիմ Աբղ. Սերովբեան։ Արարողութեան հանդիսապետեց լուսարարապետ Գերշ. Տ. Սեւան Արքեպս. Ղարիպեան։ Պատարագիչ Հայր Սուրբը Տէրունական աղօթքէն առաջ քարոզեց Ս. Ծննդեան խորհուրդի եւ մոգերու այցելութեան ու Մանուկ Յիսուսին բերուած նուէրներուն մասին։
Ս. Պատարագէն ետք կատարուեցաւ Քրիստոսի Ս. Մկրտութիւնը խորհրդանշող ջրօրհնէք։
Իսկ ժամը 04.00-ին Ս. Ծննդեան սրբավայրին վրայ Ժառանգաւորաց Վարժարանի տեսուչ Հոգշ. Տ. Թէոդորոս Ծ. Վրդ. Ս. Պատարագ մատոյց։
Աւարտին, կազմուած թափօրը բարձրացաւ տեսչարան, ուր անգամ մը եւս երգուեցաւ Փառք ի բարձունս Աստուծոյ փառաբանանքը եւ հանդիսապետ Գերշ. Տ. Սեւան Արքեպս.ի օրհնութեամբ իր աւարտին հասան Բեթղեհէմի Ս. Ծննդեան տաճարի ոգեպարար արարողութիւնները եւ առաւօտեան կանուխ ժամերուն, միաբաններ վերադարձան Երուսաղէմի մայրավանք։
Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad
İlk yorum yapan siz olun