Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ Հայաստանի Ազգային գրադարանը վերջերս թուայնացուցած է ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի «Քառասնամեայ յիշատակարան»ը։ Այս մէկը 1948 թուականին հրատարակուած էր, թերթիս հիմնադրութեան 40-ամեայ յոբելենական շրջանին՝ բանասէր Թորոս Ազատեանի ծաւալուն ուսումնասիրութեան հիման վրայ։ Այդ յիշատակարանը պատմական կարեւոր արժէք կը ներկայացնէ ո՛չ միայն ԺԱՄԱՆԱԿ-ի հիմնադրութեան շրջանի իրադարձութիւններու ծալքերուն վրայ լոյս սփռելու առումով, այլեւ կարեւոր աղբիւր մը կը համարուի հայ մամլոյ պատմութեան տեսակէտէ։ Յատկանշական է, որ Հայաստանի Ազգային գրադարանին կողմէ «Քառասնամեայ յիշատակարան (1908-1948)»ը թուայնացուած է ԺԱՄԱՆԱԿ-ի հիմնադրութեան այժմու՝ 115-ամեակի յոբելենական շրջանին։ Միեւնոյն ժամանակ, գրադարանը ապահոված է առցանց հասանելիութիւն։ https://tert.nla.am/mamul/Jamanak-1948/Table.html յղումով կարելի է հասնիլ անոր բովանդակութեան։
Հայաստանի Ազգային գրադարանէն ներս երկար ժամանակէ ի վեր կը շարունակուին հայ մամլոյ թուայնացման աշխատանքները։ Անցեալ տարուան գարնան գրադարանը «Portmind» ընկերութենէն բացառիկ իրաւունք ձեռք բերած է՝ ելեկտրոնային շտեմարաններէն ներս հասանելի աւելի քան 12 միլիոն էջ թուայնացեալ հայատառ թեքստերու նիշերու օփթիք ճանաչումը (OCR) ապահովելու համար։ Անցեալ տարեվերջի դրութեամբ Հայաստանի Ազգային գրադարանը տեղեկացուց հին եւ նոր թուայնացեալ պարբերականներու, յաւելուածներու, պարբերականներու յոբելեաններուն ձօնուած հրատարակութիւններու OCR-ի փոխադրուած թուային հաւաքածոներու հերթական խմբաքանակի հասանելիութեան մասին։ Շուրջ մէկ տասնեակ անուններու շարքին են նաեւ Հայաստանի Գրողներու միութեան «Գրական թերթ» շաբաթաթերթի հաւաքածոն՝ 1932 թուականէն մինչեւ այսօր, Թիֆլիզի մէջ 1872-1941 թուականներուն լոյս տեսած «Մշակ» գրական եւ քաղաքական շաբաթաթերթը, Տաթեւ գիտակրթական համալիրի «Մանկավարժական միտք» հանդէսի «Գեղարուեստական միտք» յաւելուածի երեք հատորները եւ այլ պարբերականներ։ Այս նոյն ամբողջին մաս կազմած է ԺԱՄԱՆԱԿ-ի «Քառասնամեայ յիշատակարան»ը։
Հայաստանի Ազգային գրադարանի «Հայ գիրք» եւ «Հայ մամուլ» շտեմարաններուն մէջ տեղադրուած է շուրջ 12 միլիոն 200 հազար թուայնացեալ էջ։ Այս շարքին մէջ գիրքերը կը կազմեն մօտաւորապէս 6 հազար, իսկ մամուլը՝ 6 հազար 500 էջ։ Հայ պարբերական մամուլի աւելի քան 2 հազար 719 անուանում հասանելի է Հայաստանի Ազգային գրադարանի համացանցային կայքէջին վրայ։
Հարկ է նշել, որ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի «Քառասնամեայ յիշատակարան»ը Հայաստանի Ազգային գրադարան ուղարկուած է 1975 թուականին, հոգելոյս բանասէր Գէորգ Բամպուքճեանի կողմէ։
İlk yorum yapan siz olun