İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՀԱՄԵՐԳԻ ՍԵՄԻՆ ՓՈՐՁ

Երաժշտասէրները արդէն անհամբերութեամբ կը սպասեն այս չորեքշաբթի երեկոյեան՝ Հարպիյէի CRR համերգասրահին մէջ նախատեսուած Սիպիլի մեծ համերգին։ Երկար ժամանակ վերջ համակրելի մեներգչուհին Իսթանպուլի մէջ հանդէս պիտի գայ ելոյթով մը։ Սա իսկապէս մեծ ծրագիր մըն է, որովհետեւ Սիպիլին առընթեր Հայաստանէն յայտնի մեներգիչ Անտրէ Սիմոնեանն ալ բեմ պիտի առնէ քաղաքիս մէջ։ Ծրագրին մէջ բաժին պիտի ունենան նաեւ՝ Սիպիլ Արսէնեանի գլխաւորութեամբ սիմֆոնիք նուագախումբ մը, «Առագաստ» նուագախումբը, Հրանդ Չիզմէճեանի գլխաւորութեամբ Կէտիկփաշայի «Հրանդ Տինք» դպրոցի մանկանց երգչախումբը եւ արուեստագիտուհի Այշէնուր Քոլիվար։ Ծաւալուն ծրագիրը նախատեսուած է ի նպաստ Գալֆաեան Տան եւ Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանին։

Այս ձեռնարկին ընդառաջ յայտագրին մասնակցելիք խումբերը արդէն խտացուցած են իրենց աշխատանքը։ Երէկ, օրուան տեւողութեան Ֆէրիգիւղի վարժարանի սրահի երդիքին տակ համերգին ընդառաջ տեղի ունեցան փորձեր։ Բոլոր արուեստագէտները ամենայն բծախնդրութեամբ կը պատրաստուին յայտագրի իրենց բաժանմունքին։ Նկատի ունենալով, որ արդէն Անտրէն ալ ժամանած է քաղաքս, երէկուան փորձը ունեցաւ առանձնայատկութիւն մը։ Անտրէն եւ Սիպիլը համերգի ընդառաջ մէկտեղուեցան եւ վերջին փորձերը ըրին իրենց՝ այնքան սպասուած զուգերգներուն համար։

http://www.jamanak.com/content/թրքահայ-կեանք/16-01-2023-համերգի-սեմին-փորձ

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın