İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԵՇԻԼԳԻՒՂԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԱՏԱՂՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆԸ ՈԳԵՒՈՐ ԱՆՑԱՒ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր անհանգստութեան պատճառաւ, Նորին Ամենապատուութեան տնօրինութեամբ, Գերշ. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեան 15 Յունուար 2023, Կիրակի առաւօտ, Եշիլգիւղի Ս. Ստեփանոս Եկեղեցւոյ տօնախմբութեան եւ մատաղօրհնութեան նախագահեց։

Ս. Պատարագը մատոյց աթոռոյս միաբաններէն Հոգշ. Տ. Յովակիմ Աբղ. Սերովբեան։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին Բրշ. Վահրամ Սրկ. Լիւլէճեան, Բրշ. Պերճ Սրկ. Երամեան, Բրկ. Կարապետ Կսրկ. Եոնթան, եւ դպիրներ։ Ներկայ էր նաեւ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Կորիւն Աւ. Քհնյ. Ֆէնէրճեան։

Երգեցողութիւնները կատարուեցան Եկեղեցւոյ Սահակ-Մեսրոպ Դպրաց Դաս Երգչախումբի կողմէ, առաջնորդութեամբ Աթէշ Մազմանի։

Խոստովանանքէն առաջ, հանդիսադիր Սրբազան Հայրը քարոզեց անդրադառնալով Ծննդոց Գիրքէն դրուագի մը, ուր Աստուած Կայէնին կը հարցնէ. «Ո՞ւր է քու եղբայրդ» (4.9)։ Նորին Սրբազնութիւնը իր քարոզին մէջ շեշտը դրաւ եղբայրութեան եւ իրարու կարեկից ըլլալու գաղափարներուն վրայ։ Ամէն մարդ որպէս եղբայր տեսնէ ուրիշ մը եւ եղբօր նման վարուի անոր հետ, կարեկից պէտք է ըլլայ անոր հանդէպ։ Այս մասին Սրբազան Հայրը յիշեցուց Աւետարանական բարի Սամարացիին առակը, ուր ուրիշներ անտես կ’առնեն վիրաւորը, Սամարացին կը գթայ, կ’օգնէ ու խնամք կը տանի անոր հանդէպ։ Իւրաքանչիւր մարդու տուաւ նոր օրինակը եւ խօսքը շարունակելով, ըսաւ թէ ամէն վաքըֆ այլ վաքըֆի մը եղբայրն է եւ այսօր Եշիլգիւղի մեր Եկեղեցին ու վարժարանը նիւթական օժանդակութեան պէտք ունին։ Նորին Սրբազնութիւնը բոլորը հրաւիրեց իրենց լումաները ձգելու եկեղեցւոյ գանձանակին մէջ։

Յաւարտ Ս. Պատարագի, կատարուեցաւ Եշիլգիւղի Ս. Ստեփանոս Եկեղեցւոյ եւ թաղի վարժարանի հիմնադիրներու եւ սատարողներու համար հոգեհանգստեան կարգ եւ մատաղօրհնէք։

Ս. Պատարագը ուղիղ եթերով տեսասփռուեցաւ համացանցի միջոցաւ (https://www.facebook.com/TRHayBad/videos/679517507246878

Կրօնական արարողութեանց աւարտին, վարժարանի սրահին մէջ սարքուեցաւ սիրոյ սեղան ի նպաստ Ս. Ստեփանոս Եկեղեցւոյ եւ թաղի վարժարանին։

Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın