İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

Ս. ԾՆՆԴԵԱՆ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ԻՍԿԵՆՏԷՐՈՒՆԻ ԵՒ ՎԱՔԸՖԳԻՒՂԻ ՄԷՋ

Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տաղաւարը 5 Յունուար 2023, Հինգշաբթի երեկոյեան Իսկենտէրունի Ս. Քառասուն Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ նշուեցաւ Անտիոքի Ս, Եկեղեցեաց Հոգեւոր Հովիւ եւ Գաւառի տեսուչ Արժ. Տ. Աւետիս Քհնյ. Թապաշեանի ձեռամբ մատուցուած Ս. Պատարագով։

Արարողութեան մասնակցեցաւ Անատօլուի Պապական Փւխանորդ՝ Փաօլօ Պիզէթթի Եպիսկոպոսը, Իսկենտէրունէն Հ. Տարիուս Տօկօնտքէ եւ Հ. Անթուան Ըլկըթ վարդապետները։

Ի ժամ Ս. Պատարագի, Արժ. Տ. Աւետիս Քհնյ. կարդաց Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր Ս. Ծննդեան պատգամը, ապա խրատական խօսեցաւ եւ ըսաւ, որ Ս. Ծնունդը մարդկութեան պարգեւուած մեծագոյն աւտիսն է։

Ս. Պատարագի աւարտին ի նշան Տէր Յիսուս Քրիստոսի մկրտութեան, կատարուեցաւ ջրօրհնէք։

Եկեղեցական արարողութեան աւարտին, պարտէզին մէջ սարքուեցաւ տօնական ընդունելութիւն։ Եկեղեցւոյ նորընտիր ծխական խորհուրդի ատենապետ Եուսուֆ Թապաշ յուշատախտակներ նուիրեց նախորդ շրջանի ատենապետ Կարպիս Քըսատուրի եւ Միքայէլ Թապաշի, գնահատելով անոնց ծառայութիւնները եւ նշեց թէ մեծերէ ստանցուած ծառայոութեան դրօշը պիտի յանձնեն յաջորդ սերունդներուն։

Տօնախմբութիւնը վերջ գտաւ աւանդական Կաղանդ Պապուկի այցելութեամբ ու նուէրներու բաշխումով։

*

Իսկ յաջորդ առաւօտ, 6 Յունուար 2023, Ուրբաթ, Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տաղաւարը նշուեցաւ Մուսա Լերան Վաքըֆգիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ՝ Արժ. Տ. Աւետիս Քհնյ. Թապաշեանի գլխաւորութեամբ։

Ս. Պատարագի աւարտին, Ջրօրհնէքի կնքահայրութեան պաշտօնը կատարեց Անտիոքաբնակ Հալէպահայ Ադամ Պոյաճեան։

Աւարտին, եկեղեցւոյ սրահին մէջ սարքուեցաւ սիրոյ սեղան։

7 Յունուար 2023, Շաբաթ, ի յիշատակ Մեռելոց գիւղի եկեղեցւոյ մէջ Ս. Պատարագ մատուցուեցաւ, ձեռամբ Արժ. Տ. Աւետիս Շահանայ Հօր։ Ապա այցելութիւն տրուեցաւ գիւղի գերեզմանատունը, ուր կատարուեցաւ ընդհանուր հոգեհանգստեան կարգ եւ յիշուեցան գիւղի հանգուցեալ բոլոր անդամները, գլխաւորութեամբ Անտիոքի Ս. Եկեղեցեաց Հոգեւոր Հովիւներ՝ Ղեւոնդ Աւ. Քհնյ. Գարթունեանի եւ Սերովբէ Աւ. Քհնյ. Կիւլեանի։

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın