Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր օրհնութեամբ, 8 Յունուար 2023, Կիրակի առաւօտ, Տիգրանակերտի Ս. Կիրակոս Եկեղեցւոյ մէջ տաղաւարի Ս. Պատարագ մատուցուեցաւ։
Նոյն առթիւ, Նորին Ամենապատուութեան կարգադրութեամբ Տիգրանակերտ մեկնեցան Արժ. Տ. Գէորգ Աւ. Քհնյ. Չնարեան եւ Արժ. Տ. Նաթան Քհնյ. Արապեան։
Կիրակի առաւօտ, Տիգրանակերտի Ս. Կիրակոս Եկեղեցւոյ մէջ տաղաւարի Ս. Պատարագ մատոյց Արժ. Տ. Նաթան Քահանան։ Ս. Սեղանին սպասարկեց Բրկ. Ղազար Կսրկ. Սապունճու։
Տէրունական աղօթքէն առաջ պատարագիչ Տէր Հայրը խրատական խօսեցաւ, անդրադառնալով Ս. Ծննդեան խորհուրդին։ Ապա շնորհակալութիւն յայտնեց պետական աւագանիին, որու շնորհիւ քաղաքին մէջ կը տիրէ եղբայրական մթնոլորտ։
Արարողութեան մասնակցեցաւ տեղւոյն գաւառապետը, Էրկիւն Այըքի գլխաւորութեամբ եկեղեցւոյ ծխական խորհուրդը, ինչպէս նաեւ մերազն ժողովուրդէն ու տեղացի ժողովուրդի բազմութիւն մը։
Ս. Պատարագի աւարտին ի նշան Տէր Յիսուս Քրիստոսի մկրտութեան, կատարուեցաւ ջրօրհնէք։
Ապա այցելութիւն տրուեցաւ տեղւոյն գերեզմանատունը, ուր կատարուեցաւ ընդհանուր հոգեհանգստեան կարգ։
Քահանայ հայրեր նոյն գիշեր վերադարձան Ստանպուլ։
İlk yorum yapan siz olun