Քաղաքիս զանազան համայնքային հաստատութեանց տիկնանց կազմերու ներկայացուցիչները, Ս. Ծննդեան տօնին առիթով, 9 Յունուար 2023, Երկուշաբթի, ժամը 15.00-ին այցելեցին Պատրիարքարան եւ ընդունուեցան Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր կողմէ։ Ներկայ էր նաեւ Պատրիարքական Փոխանորդ Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան։
Տիկիններու աւանդական այցելութիւնը սկսաւ աղօթքով, ապա Նորին Ամենապատուութիւնը բարի գալուստ մաղթեց բոլորին եւ շնորհաւորեց Ս. Ծննդեան Տօնը։ Անդրադարձաւ թագաժահրի համավարակէ ետք, կրկին մէկտեղուելուն առթած ուրախութեան։ Գնահատանքով արտայայտուեցաւ կանանց համայնքային կեանքէ ներս ունեցած կարեւոր դերերուն մասին։ Մաղթեց որ յետ այսու զանազան հաւաքոյթներով կատարուին խորհրդակցութիւններ եւ կիներու գործունէութեան դաշտը աւելի ընդարձակուի։
Նորին Ամենապատուութիւնը գնահատանքով արտայայտուեցաւ Եսթէր Վարժապետեանի գլխաւորութեամբ գործած Պատրիարքարանի Տիկնանց Յանձնախումբի անդամները, շնորհակալութիւն յայտնեց իրենց ծառայութեան համար եւ նուիրեց յիշատակի խաչեր եւ իր հեղինակած՝ «Երկու Ուխտաւորներ» գիրքը։ Այս յանձնախումբին մաս կը կազմէին Նազիկ Ճավաք, Մելինէ Քըլըճսօրալ, Լուիզ Ճանօղլու, Սօնա Քիւրքճիւօղլու եւ Մինէ Էրլէվէնտ։
Տիկինները Նորին Ամենապատուութեան շնորհակալութիւն յայտնեցին, քանի որ Իր տնօրինութեամբ համացանցի կարելիութիւնները օգտագործուած էին եւ Պատրիարքական Աթոռի կայքէջէն ժողովուրդը կը շարունակէր հետեւիլ կիրակնօրեայ արարողութեանց ու քարոզխօսութեանց, հաղորդ դառնալով Աստուծոյ Խօսքին եւ մեր աւանդութիւններուն, եւ այս բոլորը մխիթարութեան առիթներ կ՚ընձեռէին հաւատացեալներուն։
Տիկիններ իրենց ուրախութիւնն ու շնորհակալութիւնը յայտնեցին աւանդական սոյն ընդունելութեան համար։ Մեր Հոգեւոր Պետը իր օրհնութիւնը տալէ յետոյ բաժնեց օրհնեալ նուռեր։
İlk yorum yapan siz olun