Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետի օրհնութեամբ, 2023ի Ս. Ծննդեան սեմին պատրաստուած է երաժշտական ծրագիր մը, որ կը կոչուի “Աւետիս”։ Արմեն Սմբատեանի ծրագրային ղեկավարութեամբ եւ Մարգարիտա Կրտիկաշեանի ծրագրային համակարգողութեամբ մշակուած նախագիծը նպատակ ունէր Ս. Ծննդեան Տօնին առթիւ համայն աշխարհին փոխանցել Ս. Ծննդեան Աւետիսը։
Ս. Ծննդեան Տաղաւարին, 6 Յունուարին, Վեհափառ Հայրապետի օրհնութեամբ Արամ Խաչատուրեան Համերգասրահին մէջ տեղի ունեցած Ս. Ծննդեան Տօնի նուիրուած համերգի ընցացքին ներկայացուեցաւ “Աւետիս” երգը։ Համերգը կատարուեցաւ Հայաստանի Ազգային Ակատեմական Երչախումբի եւ Հայաստանի Պետական Սիմֆոնիկ Նուագախումբի մասնակցութեամբ, առաջնորդութեամբ՝ Վարիչ Յովհաննէս Չէքիճեանի։ Ծրագրին իրենց օրհնութիւնները տուած են նաեւ նուիրապետական բոլոր աթոռները եւ տարբեր երկիրներէ աւելի քան երեսուն երգչախումբեր եւս մասնակցած են ծրագրի իրականացման։
Այս առիթով մասնակից երգչախումբերու տեսաերիզները սփռուեցան սրահին մէջ։ Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր օրհնութեամբ, նախագծին իրենց մասնակցութիւնը բերին Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եւ Թաքսիմի Լուսաւորիչ Դպրաց Դաս Երգչախումբերէ բաղկացեալ միացեալ երգչախումբը։ Համերգային ծրագրին նաեւ իր մասնակցութիւնը բերած է Պոլիսէն Սիպիլ Փէքթորոսօղլուն։
İlk yorum yapan siz olun