İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԱՄԱՆՈՐԻ ԵՒ Ս. ԾՆՆԴԵԱՆ ՍՔԱՆՉԵԼԻ ՀՈԳԵՒՈՐ ՀԱՄԵՐԳ ՊԷՇԻԿԹԱՇԻ ՄԷՋ ԿԱՏԱՐՈՒԵՑԱՒ ՆԱԵՒ ՆՈՐ ՍՐԲԱՆԿԱՐՆԵՐՈՒ ՕԾՈՒՄ

Ամանորեան եւ Ս. Ծննդեան հոգեւոր համերգ մըն ալ կատարուեցաւ Պատրիարքական Ս. Աթոռի հովանաւորութեամբ, ոգեւոր մթնոլորտի մէջ, Պէշիկթաշի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ մէջ, հոծ բազմութեան ներկայութեան։

ՍՐԲԱՆԿԱՐՆԵՐՈՒ ՕԾՈՒՄ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, ժամը 17.30-ին, իր շուրջ ունենալով Աթոռոյս միաբաններէն Հոգշ. Տ. Յովակիմ Աբղ. Սերովբեանն ու Հոգշ. Տ. Գասպար Աբղ. Կարապետեանը եւ Արժ. Տ.Տ. Գրիգոր Տամատեան, Սարգիս Գույումճեան եւ Տրդատ Ուզունեան Աւագ քահանայ հայրերը եւ Տ. Տերսէս Այվազեան քահանա , մտաւ եկեղեցի եւ մկրտարան-մատրան մէջ կատարեց երկու նոր սրբանկարներու օծումը։

Արուեստագէտ՝ Էրօլ Սարաֆեան գծած էր Տէր Յիսուսի ծովուն վրայ քալելու դրուագը, իսկ Գարին Ճինճիօղլու՝ Ամենայն Սրբոց սրբանկարը։

Նորին Ամենապատուութիւնը օծեց երկու սրբանկարները, որոնք յետ այսու պիտի գործածուին պաշտամունքի ժամանակ։

Օծման արարողութեան աւարտին մեր Հոգեւոր Պետը շնորհաւորեց արուեստագէտները եւ նորանոր յաջողութիւններ մաղթեց իրնց Ապա յանուն Պէշիկթաշի Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդին յուշատախտակներ յանձնեց Էրօլ Սարաֆեանին եւ Գարին Ճինճիօղլուին։

ՀՈԳԵՒՈՐ ՀԱՄԵՐԳ

Ապա Նորին Ամենապատուութիւնը հոգեւորականաց թափօրով մուտք գործեց եկեղեցի։ Համերգին հետեւեցաւ ստուար բազմութիւն մը։ Արուեստագէտները կը գտնուէին եկեղեցւոյ վերնատունը, իսկ խորանին առջեւ դրուած հսկայ պաստառին վրայ կը տեսասփռուէր համերգը։

Թաթիա Մարաշլեանի բարի գալստեան խօսքէն եւ Թաղային Խորհուրդի Ատենապետ՝ Կարօ Վարժապետեանի ուղերձին յաջորդեց համերգը։

Հանդիսութեան գեղարուեստական ղեկավարն էր Բրշ. Յարութիւն Էտվին Սրկ. Կալիպեան։ Երգեցին Արթիւր Պաղտասարեան, Յովսէփ Գույումճեան, Սէրճան Կազէրօղլու եւ Գրիգոր Թէրզեան։ Բոլոր համերգին երգեհոնով ընկերակցեցաւ Բրշ. Յարութիւն Էտվին Սրկ. Կալիպեան։

Շուրջ մէկ ժամուան ընթացքին մեծ յաջողութեամբ մեկնաբանուեցան Ֆրանքէ Panis Angelicus, Մոցարթէ Ave verum corpus, Չաչինիէ Ave Maria եւ Սթրատէլայէ Pieta, Signore, որոնցմէ ետք արուեստագէտներ մերթ մեներգներով, մերթ խմբովին ներկայացուցին Պոլսոյ աւանդական, Վարդան Սարգսեանէ, Բարսեղ Աթմաճեանէ, Կոմիտաս Վարդապետէ, Մակար Եկմալեանէ ութ հոգեւոր երգեր։

Տարուան այս երկրորդ համերգը հոգեւոր խնջոյք մը եղաւ հանդիսականներուն համար։

Հուսկ բանքը արտասանեց Նորին Ամենապատուութիւնը, որ իր անկեղծ ուրախութիւնը յայտնեց նման յաջող համերգի մը առթիւ։ Մեր Հոգեւոր Պետը անդրադարձաւ որ Պոլսահայ համայնքին տարին սկսած էր համերգներով ու կը մաղթէր որ այսպէս շարունակուէր։ Նորին Ամենապատուութիւնը ուշադրութիւն հրաւիրեց հանդիսականներու հոծ բազմութեան եւ ըսաւ, որ այս մէկը կենդանի փաստն է, որ մեր ժողովուրդը կը սիրէ ու կարօտցած է նման ձեռնարկները։ Պատրիարք Հայրը յիշեցուց, որ հանդիսականներ իրենց լսողութեան առընթեր մեծ հաճոյք ստացան ի տես Պալեանաշէն Եկեղեցւոյ ճարտարապետութեան։ Յիշեցնելով, որ գմբէթը ձայնը յաջողութեամբ կ’արձագանգէ, եկեղեցական տեսանկիւնէ նայելով, ինչպէս որ գմբէթը իրեն տրուածը կը վերադարձնէ մարդուն, այնպէս ալ Աստուած ի պատասխան իրեն առաքուած աղօթքին, մարդուն կը պարգեւէ Աստուածատուր շնորհներ։

Նորին Ամենապատուութիւնը մի առ մի շնորհաւորեց հանդիսութեան գեղարուեստական ղեկավարը, արուեստագէտները, ինչպէս նաեւ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Սարգիս Աւ. Քհնյ. Գույումճեանը, նորընտիր թաղային խորհուրդի անդամները, որոնք այժմ հայաթափուած Պէշիկթաշին կը ջանան ապրեցնել հին օրերը եւ այսօր յաջողած են արդէն իրենց առաքելութեանը մէջ։

Մեր Հոգեւոր Պետը յանուն Թաղային Խորհուրդին յուշատախտակներ յանձնեց արուեստագէտներուն։

Հանդիսութեան աւարտին, Եկեղեցւոյ Պալեան սրահին մէջ ընդունելութիւն սարքուեցաւ, որու ընթացքին ներկաներ առիթ ունեցան արուեստագէտները շնորհաւորելու եւ զրուցելու իրենց հետ։

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın