Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 6 Յունուար 2023, Ուրբաթ առաւօտ, Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ տաղաւարի Ս. Պատարագը մատոյց։
Ս. Սեղանին սպասարկեցին Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Հոգշ. Տ. Գասպար Աբղ. Կարապետեան, Բրշ. Վահրամ Սրկ. Լիւլէճեան, Բրշ. Ռոպէր Սրկ. Ք.Աքպուլութ, կիսասարկաւագներ եւ դպիրներ։
Երգեցողութիւնները կատարուեցան Եկեղեցւոյ Գողթան Դպրաց Դաս Երգչախումբի կողմէ, առաջնորդութեամբ՝ Բրկ. Յովսէփ Ուր. Դպ. Գույումճեանի եւ երգեհոնահարութեամբ՝ Կարպիս Քըլըճեանի:
Տէրունական Աղօթքէն առաջ, Պատրիարք Հայրը շնորհաւորեց Ս. Ծննդեան ու Աստուածայայտնութեան մեծ տօնը եւ անդրադարձաւ մեծ տաղաւարի նշանակութեան։ Մեր Հոգեւոր Պետը իր ուրախութիւնը արտայայտեց, որ անգամ մը եւս առանց սահմանափակումի եւ աւանդական շուքով կարելի եղաւ տօնել Ս. Ծննդեան տաղաւարը։ Նորին Ամենապատուութիւնը ապա հանգամանօրէն անդրադարձաւ Ս. Ծննդեան տօնի իմաստին մասին եւ ըսաւ թէ «Աստուած մարդացաւ, որպէսզի մարդը Աստուածանայ»։
Յաւարտ Ս. Պատարագի վերաբերուեցաւ Սրբալոյս Միւռոնի Աղաւնին եւ ի նշան Տէր Յիսուս Քրիստոսի Յորդանան գետի մէջի մկրտութեան՝ կատարուեցաւ ջրօրհնէք:
Ս. Պատարագը ուղիղ եթերով տեսասփռուեցաւ համացանցի միջոցաւ ( https://www.facebook.com/TRHayBad/videos/829220094811176 ):
Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad
İlk yorum yapan siz olun