«Բանը մարմին եղաւ ու բնակեցաւ մեր մէջ»
(Յով. Ա.14)
Մարդկային պատմութեան մեծագոյն դէպքն է անկասկած Աստուծոյ մարմնացումը Բեթղեհէմի մէջ՝ մեծագոյն «խորհուրդ խորին»ը տիեզերքին:
Ս. Պօղոս Առաքեալ Մարդեղութեան խորհուրդին մասին կը գրէ հետեւեալը. Քրիստոս Յիսուս «թէպէտ բնութեամբ Աստուած էր, բայց կամաւորաբար ինքզինքը այդ պատիւէն մերկացուց` ծառայական մեր բնութիւնը Իր վրայ առնելով, եւ մարդոց պէս եղաւ ու մարդկային կերպարանքով ճանչցուեցաւ։ Ինքզինքը խոնարհեցուց եւ Աստուծոյ հնազանդեցաւ` յանձն առնելով մահը, եւ այն ալ` խաչի մահը։ Ատոր համար ալ Աստուած զԱյն շատ աւելի բարձրացուց եւ իրեն տուաւ այն անունը, որ վեր է բոլոր անուններէն. որպէսզի Յիսուսի անունին ծունկի գան բոլորը, երկնաւորներն ու երկրաւորները եւ սանդարամետականները, եւ ամէն լեզու դաւանի թէ Յիսուս Քրիստոս Տէր է, Հայրն Աստուածը փառաւորելու համար» (Փիլիպ. 2.5-11)։
Ահաւասիկ այս է շարականին «Մեծ եւ Սքանչելի» կոչած Խորհուրդը, զոր կը տօնենք այսօր մեր եկեղեցիներուն եւ տուներուն մէջ։ Արդարեւ, «Անբաւելին երկնի եւ երկրի» խանձարուրի մէջ փաթթուեցաւ (Ղուկաս, 2.12, 16), «ոչ մեկնելով ի Հօրէ, ի սուրբ այրին բազմեցաւ» (Շարական)։
Աստուածային հրաշքներն ու խորհուրդները վստահաբար միշտ վեր պիտի մնան մարդոց միտքէն եւ խօսքերէն, մէկ բան սակայն յստակ է. Յիսուս Քրիստոս Իր փառահեղ անձնաւորութեամբ ու սորվեցուցածներով ազդած է պատմութեան ընթացքին վրայ տարբերութիւն բերելով անհատներու եւ ազգերու կեանքէն ներս։ Կը զօրացնէ նաեւ մեր դողդոջուն սիրտերը եթէ ծնի մեր մէջ իր հիասքանչ Խորհուրդովը՝ խորին:
2022-ը վախցուց մեզ իր անախորժ ու դժխեմ անակնկալներով: Բոլոր ազգերուն համար մղձաւանջի վերածուած համավարակի աղէտէն հազիւ փրկուած՝ մենք մեզ գտանք հետզհետէ սաստկացող Ռուս-Ուկրաինական պատերազմի անկանխատեսելի հետեւանքներով, որոնք կը սպառնան համայն աշխարհի բարօրութեանն ու խաղաղութեան:
Հայերս ունինք մեր առջեւը անցնող տարիներէն ժառանգ մնացած ու թնճոյկի վերածուած Արցախի ողբերգութիւնը իր հազարումէկ քաղաքական ծալքաւումներով: Անցնող տարուայ այսպիսի մռայլ եղելութիւնները թախիծ կը պատճառեն բնականաբար եւ այս տարուայ ամանորի եւ Ս. Ծննդեան տօնի խրախճանքները կը նսեմացնեն՝ զրկելով մեզ աւանդական ու հաւաքական ուրախառիթ կատարումներէն: Որքա՜ն կարիքն ունինք այս օրերուն հրեշտակի քաջալերական յայտարարութեան, զոր ուղղեց Բեթղեհէմի զարհուրած հովիւներուն.
«Մի՛ վախնաք, որովհետեւ ահաւասիկ ձեզի կ՚աւետեմ մեծ ուրախութիւն մը, որ ամբողջ ժողովուրդինը պիտի ըլլայ, վասնզի այսօր Դաւիթի քաղաքին մէջ Փրկիչ մը ծնաւ ձեզի, որ օծեալ Տէրն է: Եւ այս թող նշան ըլլայ ձեզի. Խանձարուրով փաթթուած եւ մսուրի մէջ դրուած մանուկ մը պիտի գտնէք» (Ղուկաս 2.10-12):
Կարիքը ունինք զօրանալու, որպէսզի կարենանք մխիթարել մեր եկեղեցւոյ զաւակները, իրենց տալով խորհրդաւոր սպեղանին՝ աղօթքը եւ Աստուծոյ Խօսքը, դարմանելու համար անոնց վէրքերը։
Խաղաղութեան Իշխանին յայտնութեան տաղաւարին կը ցանկանք, որ վերջ գտնեն պատերազմները, բաղխումները, որոնք բացի վիրաւորանքէ, սուգէ եւ տառապանքէ ոչ մէկ օգուտ կը բերեն։ Աստուած պարգեւէ որ մարդոց առօրեային տիրապետէ խաղաղ համակեցութեան ոգին։ Մեր մաղթանքն է, որ մեր ժողովուրդը վայելէ խաղաղութեան պտուղները, արձանագրելով վերելք եւ բարգաւաճում։
Բարեսիրտ հովիւներու վախն ու սարսափը փարատեցաւ երբ տեսան եւ իմացան որ Աստուած իրենց հետ է եւ իրենց միջոցով նոր ու նորոգող պատգամ մը կը փոխանցէ մարդկութեան եւ գալիք դարերուն: Հանդարտեցան հովիւները ու հաճոյքով դիտեցին գեղատեսիլ տեսարանը եւ լսեցին գեղաձայն երգեցողութիւնը հրեշտակներուն.
«Փա՜ռք Աստուծոյն՝ բարձունքներու մէջ, եւ խաղաղութիւն երկրի վրայ ու հաշտութիւն՝ մարդոց մէջ» (Ղուկաս 2.14) զոր Ան սիրեց:
2022-ին տխուր ժառանգով բեռնաւորուած ծանրաշուք 2023-ը կ՚երեւի թէ հոգեպէս պիտի ճնշէ բոլորիս վրայ անխտրաբար: Հացէն ու ջուրէն անդին՝ յոյսի պէտք ունինք տոկալու եւ յառաջդիմելու դէպի պայծառ ու բախտաւոր օրեր: Հաւատացեալ Հայորդիք փաստեցին դարերու ընթացքին, որ մինչ իրենց երդիքին ներքոյ մանուկ Յիսուսը ունին եւ իրենց սիրտին մէջ անոր հաւատքը ամուր պահած են՝ կարող են յաղթահարելու ամէն դժուարութիւն եւ կուրծք տալու բախտին փչած բոլոր քամիներուն համբերատարութեամբ։ Պօղոս Առաքեալէն դաս քաղենք.
«Ամէն տեսակ նեղութիւն ունինք, բայց ընկճուած չենք. տագնապի մատնուած ենք, բայց յուսահատ չենք. հալածանքներ անպակաս են, բայց լքուած չենք. յաճախ խոշտանգուած` բայց խորտակուած չենք։ … Ուստի չենք թուլնար բնաւ։ Նոյնիսկ եթէ մարմնապէս հետզհետէ կը քայքայուինք, բայց ներքնապէս կը նորոգուինք օրէ օր։ Ներկայի մեր կրած նեղութիւնը արտակարգօրէն գերազանց ու յաւիտենական փառք մը կ՚ապահովէ մեզի։ Եւ մենք մեր ուշադրութիւնը չենք կեդրոնացներ նիւթական իրականութեանց վրայ, այլ` հոգեւոր իրականութեան վրայ. որովհետեւ նիւթական իրականութիւնները ժամանակաւոր են, մինչ հոգեւոր իրականութիւնները` յաւիտենական» (Բ. Կորն. 4.7-18)։
Տէր Յիսուս Քրիստոսի շնորհիւ մեզի հասած Աստուծոյ սէրը մեզի ալ կարողութիւն պիտի փոխանցէ դիմակալելու ամէն դժուարութիւն ու տառապանք: «Աստուած այնպէս սիրեց աշխարհը, որ մինչեւ իսկ իր Միածին Որդին տուաւ, որպէսզի ով որ հաւատայ անոր՝ չկորսուի, այլ ընդունի յաւիտենական կեանքը» (Յով. 3.16)։
Մեր նախնիք Աստուածային այս սիրով սիրել գիտցան, սիրով տառապեցան եւ սիրով մահը գրկեցին: Տօները նուիրական ու էական կ՚ըլլան, երբ այդ տօներու խորհուրդը կրնանք ապրիլ ու ապրեցնել մեր մէջ: Բեթղեհէմի լոյսը ժառանգ առինք մեր պապերէն ու որպէս անգին ժառանգութիւն մը պիտի թողունք մեր զաւակներուն:
Ճիշդ ժամանակն է նայելու դէպի երկինք հայու մաքուր եւ ջինջ հոգիի աչքերով, տեսնելու աստղը Բեթղեհէմի, որ նաեւ մեզ պիտի առաջնորդէ մեր աննուաճ երազներուն, ինչպէս մեր հայրերուն ճամբայ ցոյց տուաւ գոյատեւման ու յառաջդիմութեան ուղիներուն վրայ:
Կը շարունակենք մեր աղօթքները, որպէսզի Մարդասէրն Աստուած Նոր Տարուայ ընթացքին մեզ մեղքերէ փրկէ, չարիքներէ ազատէ եւ բարի գործերու առաջնորդէ, օրհնութեանց արժանացնէ եւ խաղաղութիւն շնորհէ համայն աշխարհին, վերցնէ ցասումն ու պատուհասները Իր արարածներուն մէջէն։
Հոս ենք՝ դիմակալելու 2023-ի բոլոր անակնկալները եւ մարտահրաւէրները խաչակնքելով մեր ճակատը եւ ապաւինելով Բարձրեալին Աստուծոյ, որ է «Էմմանուէլ»։
Նոր տարուայ սեմին կը մաղթենք ամենաբարին եւ ամենալուսաւորը ձեր բոլորին։ Երազանքներուն իրականացում, յաջողութեան կատարներ եւ անսասան առողջութիւն կը մաղթենք ձեզի։ Եղանակի օրհնութիւն ու խնդութիւնը ձեր վրայ իջնէ առատապէս եւ այս օրերուն ամբողջ աշխարհին լաւատեսութեամբ բաբախող սիրտին մասնակից դառնանք մենք եւս։ Հրեշտակներ թող պարպեն երկինքէն մարդու որդիներուս վրայ աստուածային սէր, եղբայրութիւն խաղաղութիւն եւ բարօրութիւն
ՔՐԻՍՏՈՍ ԾՆԱՒ ԵՒ ՅԱՅՏՆԵՑԱՒ
ՕՐՀՆԵԱԼ Է ՅԱՅՏՆՈՒԹԻՒՆՆ ՔՐԻՍՏՈՍԻ:
Սուրբ Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան կենսանորոգ տօնին առիթով կ’ողջունենք Առաքելական Մայր Եկեղեցւոյ բոլոր զաւակներն անխտիր։ Քրիստոսաւանդ ջերմագին սիրով կ’ողջունենք նաեւ մեր Հոգեւորական Դասու անդամները, Սրբազան Եպիսկոպոսներն ու Միաբան Հայրերը, Քահանայից, Սարկաւագաց եւ Դպրաց Դասերը, Գալֆայեան Ուխտի Քոյրը, Պատրիարքական Աթոռի Տնտեսական Խորհուրդի, Ընկերային Օժանդակութեան Յանձնախումբի եւ իրեն ենթայանձնախումբերու, Տիկնանց եւ Հայ Մենթի-Մենթոր Յանձնախումբերու անդամները, Սուրբ Փրկիչ Ազգային Հիւանդանոցի Հոգաբարձութիւնը, Բժշկապետութիւնը, Բժշկաց Դասն ու Բոյժ քոյրերը, Համայնքային Հաստատութեանց Խնամակալութիւնները, Թաղային Խորհուրդները, Տիկնանց Յանձնախումբերը, մեր համայնքային վարժարաններու Հիմնադրի ներկայացուցիչներն ու Տնօրէնները, Հոգաբարձութիւնները, Ուսուցչաց Դասը, Աղքատախնամ Մարմինները, Սանուց Միութիւնները, Մարմնամարզական եւ Հայրենակցական Միութիւնները եւ բոլոր մարդասիրական ու մշակութային մարմինները, Հայ Մամլոյ Խմբագիրները եւ ողջ Անձնակազմը, Պատրիարքական Աթոռոյս ինչպէս նաեւ բարեսիրական եւ կրթական հաստատութեանց սատարող ազնիւ բարերարները, համայն հաւատացեալ եւ սիրեցեալ մեր ժողովուրդը՝ մաղթելով բոլորին Սուրբ Ծննդեան տօնակատարութիւն, ինչպէս նաեւ եկեղեցաշէն, կրթանուէր եւ բարեսէր գործունէութեանց լիակատար յաջողութիւն։
Յատուկ օրհնութեամբ կ’ողջունենք եւ կը շնորհաւորենք Գաւառի Հայոց Տեսուչը եւ գաւառի մէջ բնակող մերազն ժողովուրդը, ինչպէս նաեւ Կրետէի Հայ համայնքի անդամները։
Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան Տօնին առիթով կը շարունակենք աղօթել վասն բարօրութեան եւ անսասանութեան Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի։ Մեր որդիական ակնածանքը կը յղենք Նորին Սրբութիւն Տ. Տ. Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին։ Կը հայցենք Նորին Սրբութեան եւ Մայր Աթոռի ողջ միաբանութեան աղօթքները վասն պայծառութեան Աթոռոյս։
Ի Քրիստոս սիրով կը շնորհաւորենք Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Նորին Սրբութիւն Տ. Տ. Արամ Ա Կաթողիկոսը եւ Երուսաղէմի Նորին Ամենապատուութիւն Տ. Նուրհան Պատրիարքը, հանդերձ իրենց միաբանակից վանական հայրերով, նաեւ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ բոլոր առաքելագործ վիճակաւորները, հանդերձ իրենց հոգեւորական դասերով վստահ ըլլալով, թէ բոլորը աղօթակից են մեզի։
Մեր հայրական սրտագին սէրն ու ողջոյնները կ՚առաքենք սփիւռքի մէջ գործող Ս. Խաչ Դպրեվանք, Կեդրոնական, Էսաեան ու Մխիթարեան Վարժարաններու Սանուց Միութեանց Վարչութիւններուն, Պոլսահայ Միութիւններուն ու մերազն ժողովուրդի զաւակներուն, որոնք նեղ պայմաններու մէջ կը շարունակեն տէր կանգնիլ իրենց աւանդութիւններուն։
Այս առթիւ ի Քրիստոս սիրով ողջունելով, Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան Տաղաւարի մեր շնորհաւորութիւնները կը յղենք նաեւ բոլոր քոյր Քրիստոնեայ եկեղեցիներու առաջնորդներուն, հովիւներուն եւ հաւատացեալներուն, գլխաւորաբար Հայ Կաթողիկէ եւ Հայ Աւետարանական համայնքներուն։
Շնորհք, սէր եւ աստուածային սրբարար զօրութիւնն Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն Սրբոյ եղիցի ընդ մեզ. Ամէն։
ՔՐԻՍՏՈՍ ԾՆԱՒ ԵՒ ՅԱՅՏՆԵՑԱՒ։
ՕՐՀՆԵԱԼ Է ՅԱՅՏՆՈՒԹԻՒՆՆ ՔՐԻՍՏՈՍԻ։
Հայրական սիրոյ ողջունիւ եւ աղօթիւք ի Քրիստոս
ՍԱՀԱԿ Բ. ՊԱՏՐԻԱՐՔ
3 Յունուար 2023
13555
İlk yorum yapan siz olun