Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 3 Յունուար 2023, Երեքշաբթի, յետմիջօրէին, տօնական այցելութիւն տուաւ Հայ կաթոլիկ Արքեպիսկոպոսարան եւ Յունաց պատրիարքարան։ Այցելութեան ընթացքին Նորին Ամենապատուութեան կ’ընկերանային Գերշ. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեան եւ Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան։
Հայ Կաթոլիկ Արքեպիսկոպոսարանի մուտքին Նորին Ամենապատուութիւնը դիմաւորուեցաւ Հայ Կաթողիկէ համայնքի վիճակաւոր Արհի. Տ. Լեւոն Արքեպս. Զէքիեանի կողմէ։ Նախ Ս. Աստուածածին Առաջնորդանիստ Եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ Հրաշափառի արարողութիւն եւ Արհիապատիւ Գերապայծառը բարի գալուստ մաղթեց Նորին Ամենապատուութեան։
Մեր Հոգեւոր Պետը շնորհակալութիւն յայտնեց սոյն դիմաւորութեան համար եւ շնորհաւորեց Հայ Կաթոլիկ համայնքի Ս. Ծննդեան տաղաւարը։ Մեր Հոգեւոր Պետը անդրադարձաւ նաեւ կատարուած համայնքային ընտրութեանց ու շնորհաւորեց նորընտիր վարչութիւնները։
Ապա Նորին Ամենապատուութիւնն ու շքախումը առաջնորդուեցաւ Արքեպիսկոպոսարանի սրահը, ուր հաճելի զրոյցի ընթացքին Նորին Ամենապատուութիւնը յանուն Հայ համայնքի եւ Պատրիարքական Աթոռոյ անգամ մը եւս շնորհաւորեց Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Ս. Ծննդեան տօնը եւ արեւշատութիւն մաղթեց Արհիապատիւ Գերապայծառին։
Մեր Հոգեւոր Պետը այցելեց Յունաց Պատրիարքարան եւ նախ մտաւ Ս. Գէորգ Աթոռանիստ Մայր Եկեղեցի, ուր աղօթեց։
Ապա Նորին Ամենապատուութիւնը իր պաշտօնարանին մէջ այցելեց Յունաց Ն.Ս.Տ.Տ. Բարթոլոմէոս Ծայրագոյն Պատրիարքին։ Այցելութեան ներկայ էր նաեւ Գերշ. Տ. Փաիսիոս Եպիսկոպոսը։
Այս այցելութեան ընթացքին եւս Նորին Ամենապատուութիւնը յանուն Հայ համայնքի եւ Պատրիարքական Աթոռոյ շնորհաւորեց Յոյն Ուղղափառ Եկեղեցւոյ եւ անոր Գահակալին Ս. Ծննդեան տօնը։
Նորին Սրբութիւնը շնորհակալութիւն յայտնեց իր Ամենապատիւ Եղբօր այցելութեան համար եւ իր կարգին այժմէն շնորհաւորեց Հայոց Ս. Ծննդեան Տօնը։ Ան, ի յիշատակ այս այցելութեան պանակէներ նուիրեց Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր եւ Գերշ. Տ. Արամ Արքեպս.ին եւ լանջախաչ մը՝ Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեանին։
Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad
İlk yorum yapan siz olun