Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Պաքըրգիւղի Ծն. Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ նորընտիր թաղային խորհուրդի ատենապետուհի Մարի Եանճըն՝ ընկերակցութեամբ Ելիզ Էօղրէթի եւ Քոզէթ Աւանուսի։ Հարկ է նշել, որ այս շաբաթավերջին նախատեսուած է Պաքըրգիւղի Տատեան վարժարանի ի նպաստ տարեկան հանգանակութիւնը եւ սա պիտի ըլլայ նորընտիր թաղային խորհուրդի օրօք առաջին սիրոյ սեղանը։ Երէկուան այցելութեան ընթացքին հաճելի զրոյց ունեցանք Մարի Եանճըի, Ելիզ Էօղրէթի եւ Քոզէթ Աւանուսի հետ։ Ատենապետուհին արդէն համայնքային շրջանակներուն ծանօթ դէմք մըն է՝ քանի վերջին աւելի քան տասն տարուան ընթացքին թաղային խորհուրդին մէջ էր։ Իսկ սրտաբան Ելիզ Էօղրէթ եւ անասնաբոյժ Քոզէթ Աւանուս թաղային խորհուրդի նոր տարրերէն են։ Անոնք մեզի մանրամասն բացատրութիւններ տուին նորընտիր կազմի տեսլականին եւ ծրագիրներուն շուրջ։ Այս փուլին, նորընտիր թաղականները կ՚ակնկալեն համայնքային շրջանակներուն զօրակցութիւնը, որպէսզի իրենց գործունէութեան առաջին քայլափոխին կարողանան ունենալ հաւասարակշռուած պիւտճէ մը։
İlk yorum yapan siz olun