İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԳԱՄՊՈՒՐԵԱՆԷՆ «ԱՇԽԱՐՀԻ ՉՈՐՍ ԾԱԳԵՐԷՆ»

Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ մեր երէց սերունդի մտաւորականներէն Արամ Գամպուրեան ներկայ տարեմուտին գրասէրներու տրամադրութեան տակ կը դնէ նոր գիրք մը, որ կը կոչուի «Աշխարհի չորս ծագերէն»։ Թէեւ անցեալ տարուան թուականը կայ գիրքին վրայ, սակայն, ան տարեմուտի հաճելի նուէր մը ըլլար կարծես հայ գիրի սիրահարներուն եւ համակիրներուն տեսակէտէ, որոնց համար մխիթարութեան համազօր է տարեմուտին ի ձեռն ունենալ հայերէն գիրք մը։

Արամ Գամպուրեան, որ իր սերունդի ամենաարտադրունակ գրիչներէն մին է, այս անգամ ընթերցասէրներուն կը ներկայացնէ յօդուածներու ժողովածոյ մը։ Նախապէս մամուլի մէջ լոյս տեսած իր աշխատակցութիւններէն բաղկացեալ ժողովածոյ մըն է այս մէկը, սակայն, բովանդակութիւնը իսկապէս հետաքրքրական է ու կ՚արդարացնէ գիրքին անունը. «Աշխարհի չորս ծագերէն»։

Առաջին հայեացքով Արամ Գամպուրեանի գիրքը կը բնորոշուի զանազան ուղեգրութիւններով, որոնք թէ՛ տարրական գիտելիքներ եւ թէ՛ ճոխ տպաւորութիւններ կը բովանդակեն իր այցելած զանազան վայրերէն՝ Ֆլորանսայէն մինչեւ Քորֆու, որոնց վրայ կու գայ աւելնալ Գուգարքը՝ իր վանքերով։ Յամենայնդէպս, գիրքի բովանդակութեան մէջ ուղեգրութիւնները կը լրամշակուին զանազան հեղինակաւոր անհատներու տողանցքով։ Այդ անհատներն ալ Արամ Գամպուրեանի կողմէ ընթերցողներուն այնպիսի աշխարհագրական ու մշակութային զանազանութիւնով մը մատուցուած է, որ կու գայ վերահաստատել գիրքին անունը. «Աշխարհի չորս ծագերէն»։

Չէ՞ որ, երկրագունդի չորս ծագերը առաջին հայեացքով կ՚ընկալուին որպէս վայր, սակայն, խորքին մէջ, այդ վայրերը միշտ ալ իմաստաւորուած կ՚ըլլան անհատներով, դէմքերով, որոնք բնակած կամ արտադրած կ՚ըլլան տուեալ շրջանին մէջ՝ թողլով իրենց դրոշմը, որ ժամանակի հոլովոյթին մէջ կը վերածուի դիմագիծի։

Արամ Գամպուրեանի «Աշխարհի չորս ծագերէն»ին մէջ այս հաւասարակշռութիւնը շատ լաւ դրսեւորում մը ունեցած է, ինչ որ արդիւնքն է հեղինակի խոր մտաւորական պաշարին, հարուստ փորձառութեան եւ գրչի վարպետութեան։

Այս նոր գիրքի հրատարակութեան առթիւ ջերմօրէն կը շնորհաւորենք Արամ Գամպուրեանը՝ մաղթելով, որ մեր ընթերցասէրները կարողանան տակաւին երկար վայելել անոր գրչին արգասիքը։ Վստահաբար, Արամ Գամպուրեանի գիրքը արժանանայ հայ գիրքի սիրահարներու անմիջական ուշադրութեան։

http://www.jamanak.com/content/թրքահայ-կեանք/3-01-2023-գամպուրեանէն-«աշխարհի-չորս-ծագերէն»

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın