İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԱՄԱՆՈՐԵԱՆ ՄԱՆԿԱՆՑ ԽՐԱԽՃԱՆՔ ԳՈՒՄԳԱԲՈՒԻ ՄԷՋ

Մանկանց աւանդական Ամանորեան խրախճանքն ու Կաղանդ Պապուկի այցելութիւնը այս տարի տեղի ունեցաւ 2 Յունուար 2023, Երկուշաբթի, ժամը 15.00-ին, Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր Տաճարի Յարութիւն Ամիրա Պէզճեան սրահին մէջ։

Պատրիարքական Աթոռոյ հովանաւորութեամբ կազմակերպուած սոյն հանդիսութեան կը նախագահէր Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, իր մօտն ունենալով՝ Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեանը, Արժ. Տ. Տրդատ Աւ. Քհնյ. Ուզունեանը, Արժ. Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեանը, Արժ. Տ. Շահէն Քհնյ. Օհանեանը եւ Արժ. Տ. Մելքոն Քհնյ. Փնարճեանը։

Մանկանց խրախճանքին մասնակցեցան համայնքային վարժարաններու աշակերտներ, իրենց ուսուցիչներն ու ծնողները։ Հանդիսավարութիւնը կատարեց Արժ. Տ. Նաթան Քհնյ. Արապեան։

Հանդիսութեան սկիզբը, մանուկներու միասնաբար երգած «Շնորհաւոր Նոր Տարի, Սրբազան Հայրիկ» երգի ընկերակցութեամբ, Պատրիարք Հայրը հոգեւորականաց թափորով սրահէն ներս մուտք գործեց ու միասնաբար արտասանուած Տէրունական Աղօթքով սկսաւ խրախճանքը։ Մօտ երկու ժամուան ընթացքին աշակերտներ հանդէս եկան պարերով, արտասանութիւններով եւ երաժշտութեամբ։ Ապա, վարժարաններու ներկայացուցիչ աշակերտներ մի առ մի մօտեցան եւ Ամանորի նուէրներ տուին Պատրիարք Հօր։

Ելոյթներէ ետք խօսեցաւ Նորին Ամենապատուութիւնը եւ գնահատեց այս իւրայատուկ հանդիսութիւնը եւ մասնակիցները։ Իր խօսքերուն մէջ մտերմաբար զրուցեց մանուկներուն հետ եւ հայրական խրատներ տուաւ անոնց։

Ապա երգերու եւ ծափերու տարափին ներքեւ սրահ մուտք գործեց Կաղանդ Պապուկը եւ բեմ բարձրանալով ողջագուրուեցաւ Պատրիարք Հօր հետ։ Ապա, Նորին Ամենապատուութիւնը նախաթոռը թողուց Կաղանդ Պապուկին ու հրաժեշտ առաւ սրահէն։ Երբ Պատրիարք Հայրը կը բաժնուէր սրահէն, մանուկներ ու ծնողներ մեծ խանդավառութեամբ մօտեցան Նորին Ամենապատուութեան, իր աջը առնելու համար։ Ապա, Կաղանդ Պապուկը թելադրութիւններ ըրաւ մանուկներուն, հրաւիրեց զանոնք ըլլալու հաւատարիմ ու հնազանդ զաւակները իրենց Եկեղեցւոյ ու ժողովուրդին, յաջող ու պատուաբեր անդամները՝ իրենց պատկանած հաւաքականութեան։

Իր խօսքերէն վերջ Կաղանդ Պապուկը նուէրներ բաշխեց բոլոր մանուկներուն, որոնք մի առ մի մօտեցան եւ աջահամբոյրով ստացան տուրմ եւ անուշեղէններով լեցուն տոպրակները։

Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın