ԱՄԱՆՈՐԻ ԱՌԹԻՒ
«Փա՛ռք քեզ Աստուած, փ՛առք քեզ.
յաղագս ամենայնի Տէր փա՛ռք քեզ»
Որքա՜ն պատշաճ է այս գոհաբանական աղօթքը ուղղել առ Աստուած ամէն երեկոյեան ժամերգութեան ընթացքին, երբ կէսօրը իր աւարտին կը հասնի: Նոյնպէս պատշաճ է սրտանց արտասանել զայն, երբ կը լրանայ հին տարին եւ նորին սեմէն մուտք կը գործենք: Մի՛շտ, բայց մասնաւորապէս այս օրերուն հաւատացեալի շրթներուն կպած պէտք է մնայ այս կարճ աղոթքը. «Փա՛ռք քեզ Տէր Աստուած, փա՛ռք քեզ. ամէն ինչի համար փա՛ռք քեզ»:
Այս շնորհընկալ հաւատքը ունեցողներուն համար Նոր Տարին անպայման շնորհաւոր պիտի ըլլայ. որովհետեւ նոր տարին պիտի ողջունենք Աստուծոյ մեզի շնորհած անգին բարիքները համրելով եւ շնորհակալութիւն յայտնելով Իրեն: Աստուած հաւատարիմ է. անցեալին մեզի առատաձեռնօրէն բարի վարուող մեր Երկնաւոր Հայրը պիտի շարունակէ իր պարգեւները շռայլել մեր վրայ, ինչպէս ըրաւ անցեալ տարիներուն, նոյնպէս պիտի ընէ նաեւ 2023ին:
Ուստի, մենք՝ Քրիստոնեաներս կ’ողջունենք տարեմուտը նախ եւ առաջ Աստուծոյ փառք տալով անցեալ տարիին համար եւ կը խնդրենք իրմէ որպէսզի նոր տարուայ 365 օրերը վայելելու արժանի դարձնէ մեզ՝ առողջութեան, յաջողութեան, երջանկութեան եւ արեւշատութեան վերաբերեալ մեր փափաքները շնորհելով:
Մեր աչքերը չենք փակեր կեանքի ձախողանքին, մեզի հասցուցած հարուածներուն եւ խաւարագոյն սպառնալիքներուն դիմաց: Պարզապէս այս տարի ալ Աստուծոյ վստահելով ընթանալու յայտարարութիւնը կ’ընենք. «Փա՛ռք Քեզ Տէր»:
Եթէ նոր տարին մեզի պիտի չյարմարի, թող մենք անոր յարմարինք, Պօղոս Առաքեալի հետ ձայնակցելով. «Ես սորված եմ բաւարարուիլ ինչով որ կրցած եմ: Գիտեմ ապրիլ զրկանքով, գիտեմ ըլլալ առատութեան մէջ: Ամէն բանի մէջ ամէն կերպով խելամիտ եմ՝ թէ՛ յագենալու մէջ, թէ՛ զրկանք կրելու: Ամէն բանի կարող եմ շնորհիւ Անոր՝ որ զօրացուց զիս» (Փիլիպ. Դ.11-14):
Մեր աղաղակը պիտի ըլլայ նոր տարուայ սպառնաշունչ երեսին. «Բոլոր խնդիրներէն եւ մարտահրաւէրներէն մեծ Աստուած մը ունինք, որ մեր երկնաւոր Հայրն է, խնամող ամենուն»: Անոր արարչագործ ձեռքերուն պիտի յանձնենք մեր ապագան եւ բոլոր դժուարութիւնները, որպէսզի ուժ եւ իմաստութիւն շնորհէ մեզի՝ կուրծք տալու կեանքի բոլոր փոթորիկներուն առանց ընկճուելու եւ յուսահատելու:
Բացի անմահութենէն, մնացեալ բոլոր բաղկացուցիչները Աստուած մարդուն շնորհած է, որպէսզի դրախտի վերածէ այս մոլորակը եւ կեանքը: Մենք ալ պէտք է պատասխանատուութիւն ստանձնենք մեր մասնակցութիւնը բերելու, որպէսզի բարին աւելնայ յառաջիկայ տարուան ընթացին:
Հետեւաբար այս Նոր Տարին նաեւ պիտի ջանանք իրագործել մեր մարդկութիւնը իր բոլոր երեսակներով: Յոյս ունինք եւ յոյսը չամչցներ երբեք: Արդէն մեր լաւատես հայեացքով 2023-ի հորիզոնը շատոնց ներկեցինք վարդագոյն տեսիլքներով եւ երկինքի օրհնաբեր կապոյտով:
Նոր Տարին առիթ մըն է փորձելու, քննելու եւ հաշուեյարդարի դնելու մեր անցեալը ներկային համար, ե՛ւ բաղձալի ապագային: Ժամանակն է ցուցադրելու այն բոլորը, որոնք նախորդ տարիներուն մենք չենք կրցած կատարել: Մաքրել պէտք է փոշիի տակ մնացած մեր երազները եւ լուսաւորել՝ մեր իտէալները: Ժամանակն է շնորհակալ ըլլալու Աստուծոյ եւ մարդոց, որոնք մեր հոգիին ու սրտին մէջ իրենց մաքուր ձեռքերով սերմեր ցանեցին եւ հարստացուցին մեր կեանքը:
Որպէսզի Նոր Տարին դառնայ իսկապէս «նոր»՝ պէտք է մէկ կողմ դրուին ատելութիւնը, քինախնդրութիւնը, դժկամութիւնը եւ գիտակցիլ թէ ժամանակն է ներելու եւ մոռնալու թէ՛ մեր անցեալի վրիպումները եւ թէ ուրիշներու բացթողումները մեր անձին նկատմամբ, ունենալով վեհանձն հոգի մը՝ միշտ պատրաստ՝ սրբագրելու հի՛նը եւ հիմնադրելու նո՛րը՝ թարմ երազանքով:
Եթէ այս շնորհալի կեցուածքը կրնանք ցուցաբերել այս նոր տարուան ընթացքին, այդ ժամանակ է, որ մաքուր խղճով, մարդավայել զգացումներով եւ անկեղծութեամբ կրնանք ըսել.
Շնորհաւոր Նոր Տարի:
Ձեր բոլորին կը մաղթենք երջանկութիւն եւ առողջութիւն, երկնառաք լիակատար օրհնութեամբ:
Աղօթարար՝
ՍԱՀԱԿ Բ.
ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՈՑ ԹՈՒՐՔԻՈՅ
İlk yorum yapan siz olun