Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 31 Դեկտեմբեր 2022, Ուրբաթ միջօրէին, Պատրիարքարանի փոքր դահլիճին մէջ ընդունեց Պատրիարքարանի անձնակազմը։
Նորին Ամենապատուութիւնը իր ուրախութիւնը յայտնեց, որ Ամանորի սեմին առիթը կը ներկայանայ Պատրիարքարանի անձնակազմին հետ մէկտեղուելու։ Հակառակ ամէն ինչի, անձնակազմը կը շարունակէ իր պաշտօնը՝ ծառայելով աւելի քան 560-ամեայ պատկառելի այս հաստատութեան երդիքին տակ։ Կու գան բացասական դէպքեր եւ օրեր, սակայն Աստուծոյ կամքով եւ օրհնութեամբ հոգեւոր այս կեդրոնը կը շարունակէ եւ պիտի շարունակէ իր առաքելութիւնը։ Մեր Հոգեւոր Պետը հակիրճ անդրադարձ ըրաւ 2022 թուականին ու անցուդարձերուն վրայ եւ յոյս յայտնեց ու մաղթեց, որ յառաջիկայ նոր տարին ամէն ինչով ըլլայ նոր ու երջանկաբեր թէ իւրաքանչիւրին համար եւ թէ համայնքիս համար։
Հաւաքը իր աւարտին հասաւ աւանդական անուշապուրի հիւրասիրութեամբ եւ մեծ դահլիճի մէջ հաւաքական նկարահանումով։
Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad
İlk yorum yapan siz olun