İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՏՕՆԱԿԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 27 Դեկտեմբեր 2022, Երեքշաբթի, յետմիջօրէին, տօնական այցելութիւն տուաւ Ասորի Ուղղափառ եւ Ասորի Կաթոլիկ Եկեղեցիներու պատրիարքական փոխանորդներուն։ Այցելութեան ընթացքին Նորին Ամենապատուութեան կ’ընկերանային Գերշ. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեան եւ Արժ. Տ. Տրդատ Աւ. Քհնյ. Ուզունեան։

Առաջին այցելութիւնը տրուեցաւ Ասորի Ուղղափառ Պատրիարքական Փոխանորդ Մոր Ֆիլիւքսինոս Եուսուֆ Չէթին Մետրոպոլիտին։ Առաջնորդարանի սրահին մէջ հաճելի զրոյցի ընթացքին Նորին Ամենապատուութիւնը յանուն Հայ համայնքի եւ Պատրիարքական Աթոռոյ շնորհաւորեց քոյր Ասորի Եկեղեցւոյ Ս. Ծննդեան տօնը։

Սրբազան Մետրոպոլիտը շնորհակալութիւն յայտնեց քոյր Հայ Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Պետէն եկած սոյն այցելութեան համար ու այժմէն շնորհաւորեց Ամանորն ու Հայոց Ս. Ծնունդը։

Ապա Ասորւոց Պատրիարքական Փոխանորդը Առաջնորդանիստ Մայր Եկեղեցի առաջնորդեց Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը, ուր աղօթք վերառաքուեցաւ։

Երկրորդ այցելութիւնը տրուեցաւ Ասորի Կաթոլիկ Պատրիարքական Փոխանորդ Մոնս. Օրհան Չանլը Քորեպիսկոպոսին։ Այցելութեան ներկայ էր նաեւ նախկին Փոխանորդ՝ Մոնս. Եուսուֆ Սաղ Քորեպիսկոպոսը։ Այս այցելութեան մէջ եւս Նորին Ամենապատուութիւնը յանուն Հայ համայնքի եւ Պատրիարքական Աթոռոյ շնորհաւորեց Ասորի Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ Ս. Ծննդեան տօնը։

Միջեկեղեցական սոյն այցելութիւնները յառաջիկայ օրերուն եւս պիտի շարունակուին։

Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın