İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

Ս. ՍՏԵՓԱՆՈՍ ՆԱԽԱՍԱՐԿԱՒԱԳԻ ՀԱՆԴԻՍԱՒՈՐ ՆԱԽԱՏՕՆԱԿԸ ՄԱՅՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 25 Դեկտեմբեր 2022, Կիրակի երեկոյեան, Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր Եկեղեցւոյ նախագահեց Ս. Ստեփանոս Նախասարկաւագի նախատօնակին։

Նորին Ամենապատուութիւնը ժամը 17.00-ին, զանգակներու ղօղանջին ներքեւ վեղարաւոր միաբան հայրերու եւ քահանայից դասուն կողմէ առաջնորդուեցաւ Մայր Եկեղեցի, ուր կատարուեցաւ երեկոյեան ժամերգութիւն։

Կանոնական երեկոյեան ժամերգութեան աւարտին, Նորին Ամենապատուութեան կատարուեցաւ նախատօնակ, երբ Աթոռոյս սարկաւագներն ու կիսասարկաւագները, սաղաւարտներով ու մոմեր ի ձեռին, շարականներու երգակցութեամբ, եկան խնկարկեցին նախ Ս. Աւետարանին, ապա մօտեցան ու օրհնութիւնը ստացան մեր Հոգեւոր Պետին։

Նախատօնակի աւարտին քարոզեց Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը, «Ինծի համար ապրիլը Քրիստոսն է, իսկ մեռնիլը շահ» բնաբանով։

Պատրիարք հայրը ըսաւ թէ հաւաքուած ենք, առաջին մարտիրոսի՝ Ս. Ստեփանոսի յիշատակը տօնելու համար եւ պէտք է անոր կեանքէն դասեր քաղենք։

Մեր Հոգեւոր Պետը պատմեց սարկաւագ բառին իմաստը եւ աւելցուց իր խօսքերուն թէ սարկաւագ կը նշանակէ օգնական եւ անդրադարձաւ Ստեփանոսի վարքին։ Ան Աստուծոյ խօսքին մէջ իմաստուն էր եւ քարոզիչ։ Մենք Ս. Ստեփանոսէն կը սորվինք ստանձնուած պաշտօնը լաւագոյն կերպով կատարելու եւ լաւ ծառայելու պատգամը։

Պատրիարք Հայրը շեշտեց թէ սարկաւագութիւնը եկեղեցւոյ մեծ աստիճաններէն մին է եւ ըսաւ. «Այդպիսի ընկերութեան օրերու հասանք, որ եկեղեցւոյ մէջ շապիկ հագուիլ, եկեղեցւոյ մէջ երգել, նոյնիսկ եկեղեցի գալ արհամարհուած բանի մը վերածուեցաւ»։

Նորին Ամենապատուութիւնը ըսաւ. «Մենք եկեղեցիներու մէջ կարեւոր գործ կը կատարենք, երկինքը երկրի կը կապենք, մեր սուրբերը մեր ազգին կը կապենք»։

Իր քարոզի աւարտին մեր Հոգեւոր Պետը շնորհաւորեց Աթոռոյս սարկաւագներն ու կիսասարկաւագները եւ երկար տարիներու, արեւշատ ու անտրտունջ ծառայութիւն մաղթեց բոլորին։

Ժամերգութիւնն ու նախատօնակը ուղիղ եթերով տեսասփռուեցան համացանցի միջոցաւ ( https://www.facebook.com/TRHayBad/videos/865651884752874

Եկեղեցական արարողութեան աւարտին, Նորին Ամենապատուութեան հովանաւորութեամբ սիրոյ սեղան սարքուեցաւ Եկեղեցւոյ յարակից Յարութիւն Ամիրա Պէզճեան սրահին մէջ, որուն մասնակցեցան հոգեւորականաց դասը, սարկաւագներ, կիսասարկաւագներ ինչպէս նաեւ Ստանպուլահայ դպրաց դասերու ներկայացուցիչները։

Սիրոյ սեղանի ընթացքին յանուն սարկաւագաց դասու ելոյթ ունեցաւ Բրշ. Վահրամ Սրկ. Լիւլէճեան, իսկ յանուն հոգեւորականաց դասու՝ Արժ. Տ. Տրդատ Աւ. Քհնյ. Ուզունեան, որոնք իրենց ուրախութիւնը յայտնեցին նախ Ս. Ստեփանոսի նախատօնակին, Նորին Ամենապատուութեան հայրական հոգածութեան, ինչպէս նաեւ այսպիսի սիրոյ սեղանի մը համար։

Միասնաբար երգուած երգերէ ետք, սեղանը իր աւարտին հասաւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր օրհնութեան խօսքով, որ անգամ մը եւս գնահատեց բոլորի ծառայութիւնը եւ մաղթեց, որ նոր սերունդներ գրաւուին ու մաս կազմեն Աթոռոյս դպրաց, ուրարակրաց եւ սարկաւագաց դասերուն։

Հանդիսութիւնը իր աւարտին հասաւ միասնաբար երգուած Տէրունական Աղօթքով։

Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın