İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

Վաղը եւ Կիրակի՝ կարեւոր քուէարկութիւններ

ԸՆՏՐԱԿԱՆ ԳՈՐԾԸՆԹԱՑԸ ԱՒԱՐՏԻՆ ԿԸ ՀԱՍՆԻ ՆՈՐ ԻՐԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ԴՆԵԼՈՎ ՊՈԼՍԱՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ԱՌՋԵՒ

ՄԱՐՄԱՐԱ.- Ահաւասիկ կը թեւակոխենք տարուայ վերջին շաբաթէն ներս, բայց զուգահեռաբար որպէս համայնք, որպէս փոքրամասնութիւն կþուրուագծենք մեր հաւաքական կեանքի նոր իրականութիւնները։

Վագըֆներու ընտրութիւնները 2022ի գլխաւոր իրադարձութիւններն էին, որոնք Հոկտեմբերէն սկսեալ, անցան երբեմն փոթորկոտ միջավայրի մէջ, երբեմն ալ առանց որեւէ ցնցումներու, ապահովելով վարիչներու հերթափոխութիւնը։ 

Բոլորս միասնաբար ականատես եղանք տարբեր իրականութիւններու։ Ունեցանք հաստատութիւններ, որոնց պատասխանատուները համայնքի բոլոր շրջանակներէն ներս անվերապահ վստահութիւն ու յարգանք վայելեցին եւ ժողովուրդը ա՛յս անգամ եւս արտօնեց, թողուց, երաշխաւորեց, քաջալերեց որ այդ գործիչները շարունակեն պաշտօնավարել, իրենց ոյժն ու կորովը ծառայեցնեն ի շահ համայնքին։

Զուգահեռաբար կարգ մը վագըֆներու համար ամէն ինչ չէ որ հարթ ու խաղաղ գնացք մը ունեցաւ։ Տարիներէ ի վեր խումբ մը վարչայիններուն դէմ բողոքի մեծ ալիք մը կար, ուստի, քուէները միշտ կեդրոնացան մրցակից խումբին ի նպաստ, »խաղէն« դուրս վիճակի մատնելով հին թաղականները։

Ցաւով արձանագրեցինք որ ժողովուրդի ստուար զանգուած մը հեռուէն կամ մօտէն որեւէ առնչութիւն չունի »համայնքային կեանք« կոչուածին հետ, ինչպէս ժողովրդական ասութիւնը կþըսէ »անշառ, անփորձանք« իր կեանքը կը շարունակէ, միայն »իր իւղով կը տապկուի«, անտարբեր է ու այդպիսի մարդոց համար կարեւոր չէ թէ ո՞վ կուգայ, ո՞վ կþերթայ, ի՞նչ կþընէ, ի՞նչ չþըներ։

Յոյսով ակնկալեցինք որ երիտասարդներ, նորահաս սերունդի մեծաթիւ ներկայացուցիչներ պիտի գան, թեկնածուներու ցանկեր պատրաստելով հինի ու նորի ընտրութիւն պիտի պահանջեն ընտրողներէն, բայց իրողութիւնները ցոյց տուին որ այդ սերունդի հետաքրքրութիւնները կը կեդրոնանան այլ բեւռներուն վրայ։

Կարծեցինք որ մարդիկ շատ սպասած էին այս օրերուն ու անպայման հազարներով պիտի երթային քուէատուփեր, իրենց հանրային պարտականութիւնը պիտի կատարէին, յետոյ չզղջալու, »ես ալ կամ, իմ քուէն ալ դեր ունեցաւ«ի մտայնութիւնը նորահաս սերունդին մօտ ամրապնդելու համար, բայց արդիւնքները փաստեցին որ ամբողջը գործընթացը 3-4 հազար մարդոց միջեւ կը դառնայ, տասնեակ հազարներու հասնող միւս զանգուածը »քնացած է«, 18-40 տարեկանները կապ չունին եղածներուն հետ։ Քուէարկութեանց օրերուն գրեթէ միշտ նո՛յն դէմքերը տեսանք ընտրատեղամասերուն մէջ, փոքր բացառութեամբ այն թաղերու պարագային, երբ թեկնածուներու մրցակից ցանկեր կային եւ կամ պայքար կը մղուէր »հին«ը դուրս թողելու համար։ 

Հիմա, գովելով, հաշտուելով, գնահատելով, քննադատելով հասանք եզրագծին. վաղը եւ Կիրակի կատարելի ընտրութիւններով պիտի ամբողջացնենք հաւաքական կեանքի համայնապատկերը։ 

Շաբաթ օրուայ ընտրութիւնները որեւէ խնդիր չունին։ Արդարեւ՝ 24 Դեկտեմբերին երկրորդ ընտրաշրջանէն ներս քուէարկութիւն պիտի կատարուի հետեւեալ վագըֆներու համար։ Ասոնք են՝ Գարակէօզեան Տան, Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ եւ Կեդրոնական վարժարանի, Գալֆաեան տան Խնամակալութիւններու ու Գումգաբուի Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդի ընտրութիւնները։

Առաջին ընտրաշրջանի մեր ժողովուրդը պիտի քուէարկէ Ս. Խաչ Դպրեվանքի կազմին համար։

Ընտրողներու գործը դիւրին է եւ անոնք պիտի կարենան քուէարկել հայաշատ թաղերու եկեղեցիներուն մէջ։ Նշուած բոլոր հաստատութիւններու համար միակ ցանկեր կազմուած են։ Դպրեվանքի ու Գալֆաեանի պարագային, մէկ-կամ երկու անդամ մնացած են հիներէն, պաշտօնի կոչելով նոր դէմքեր։ Միւս երեք վագըֆի համար, հիներէն մնացած են »կորիզ«ները, այսինքն Ատենապետերն ու գլխաւոր օգնականները, իրենց շուրջ համախմբելով գաղափարակից գործիչներ։ Ուրախալի է որ հակառակ պետութեան կողմէ արտօնուած նուազագոյնը եօթը հոգինոց կազմին, մեր բոլոր վագըֆները ընտրած են առաւելագոյն կազմերով թեկնածուներն ու անդամները։ Այսինքն բազմակարծութեան հիմերը դրած են իրենց խումբերուն մէջ։

Վաղը կատարելի ընտրութեամբ պիտի հաստատուին նաեւ Կեսարիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եւ Տիյարպաքըրի եկեղեցիներու վարիչները։

Գալով Կիրակիին, այս օր վերջին ու միակ վագըֆի մը ընտրութեամբ աւարտին հասած պիտի ըլլայ մարաթոնը։ Պէյօղլուի եկեղեցեաց Թաղային Խորհուրդի ընտրութեան շուրջ մշուշը դեռ չէ փարատած։ Թեկնածուներ կը բախին խոչընդոտներու։ Այսօր քարոզարշաւի վերջին օրն է ու ո՛չ թեկնածուները, ոչ ալ ընտրողներ յստակ չեն գիտեր թէ ի՞նչ է պատկերը։ Վերջնականապէս ո՞ւր պիտի դրուին քուէատուփեր, ինչպէ՞ս պիտի կատարուի քուէարկութիւնը, ցանկերը ինչպէ՞ս կազմուած են, անուն-մականունները, անոնք այբբենական կարգ ունի՞ն թէ խառն պիտի դասաւորուին։ Ընտրական յանձնախումբը որեւէ բացատրութիւն ցարդ չէ տուած ու պաշտօնապէս չէ լուսաբանած համայնքը։ Երէկ համացանցի վրայ կը շրջէր փաստաթուղթ մը, որ ընտրական յանձնախումբի կողմէ ղրկուած էր Անգարա, Վագըֆներու Ընդհանուր Տնօրէնութեան, պահանջուած էր որ անվտանգութիւն ապահովուէր Պօյաճըգիւղի եկեղեցւոյ, Էսաեան վարժարանի ու Պէյօղլուի եկեղեցւոյ մէջ զետեղուելիք քուէատուփերուն մօտ, բայց այդ փաստաթուղթը որեւէ կնիք կամ պաշտօնական ստորագրութիւն չունէր, հետեւաբար կասկածներու տեղի կուտար։

Ա՛յս է ընդհանուր պատկերը։ Գոհ ենք կամ ոչ, բայց 26 Դեկտեմբերին, տարուայ վերջին Երկուշաբթիի հետ միասին, հաւաքաբար պիտի դարձնենք համայնքային կեանքի էջերէն մէկը եւս, որ գրուեցաւ մեր բոլորի որոշումներով ու կամքով՝ պատմութեան ու ապագային համար։

Ն. Ս.

https://www.normarmara.com/arsiv2022-2/231222lu.html

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın