İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԱԼԹԸՄԷՐՄԷՐԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԱՏԱՂՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆԸ ՈԳԵՒՈՐ ԱՆՑԱՒ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 18 Դեկտեմբեր 2022, Կիրակի առաւօտ, Ալթըմէրմէրի Ս. Յակոբ Գլխադիր Եկեղեցւոյ անուան տօնախմբութեան եւ մատաղօրհնութեան նախագահեց։

Ս. Պատարագը մատոյց Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Զոհրապ Քհնյ. Ճիվանեան։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին Բրշ. Խաչիկ Սրկ. Սարըլըեան, Բրշ. Գէորգ Սրկ. Ներկիզեան եւ Բրշ. Ալէն Տիրան Սրկ. Ներկիզեան, կիսասարկաւագներ եւ դպիրներ։ Արարողութեան ներկայ էր Ս. Փրկիչ Ազգ. Հիւանդանոցի Մատրան հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Մելքոն Քհնյ. Փնարճեան։

Երգեցողութիւնները կատարուեցան Սամաթիոյ Ս. Գէորգ Եկեղեցւոյ Սահակեան Դպրաց Դաս Երգչախումբի կողմէ, առաջնորդութեամբ Սեւան Ակօշեանի։

Տէրունական Աղօթքէն առաջ, Պատրիարք Հայրը քարոզեց եւ խօսեցաւ Եկեղեցւոյ անուան մասին, որ Գլխադիր Ս. Յակոբն էր։ Տէր Յիսուսի առաքեալները նահատակուեցան Անոր համար, եւ իրենց առաջինը եղաւ Գլխադիր Ս. Յակոբը։ Ս. Ստեփանոսէն ետք, առաջին նահատակը ան եղաւ, որ գլխատուեցաւ։ Նորին Ամենապատուութիւնը Ս. Յակոբի մասին բացատրութիւններ տալէ ետք հարցումը դրաւ այն պարագային վրայ, թէ մարդ երբ իր կեանքը կը կորսնցնէ բանի մը համար՝ ի՞նչ կը շահի։ Եթէ մէկը իր կեանքը կու տայ Աստուծոյ կամ Աստուծոյ համար՝ իր կեանքը կը շահի։

Մեր Հոգեւոր Պետը ըսաւ թէ եթէ մէկը կ’ուզէ ոչ թէ անուանական, այլ ճշմարիտ քրիստոնեայ մը ըլլալ, ասոր բանալին է բառ մը. կեդրոնափոխութիւն։ Իւրաքանչիւր քրիստոնեայ հրաւիրուած է իր կեդրոնը փոխելու. Իր կեանքի կեդրոնէն իր եսը հանելու եւ այնտեղ զԱստուած բազմեցնելու։ Աստուած պէտք է որ մեր տէրը ըլլայ։ Երբ մենք մեր կեդրոնէն մէկ կողմ կը դնենք զԱստուած եւ այնտեղ մեր եսը կը բազմեցնենք, կը կարծենք որ ամէն մարդ եւ ամէն ինչ մեզի կը ծառայէ, աշխարհ մեր շուրջ կը դառնայ։ Քրիստոնէութիւնը մեզ կը հրաւիրէ կեդրոնափոխութեան եւ այն տեղը կրկին Աստուած բազմեցնելու։

Պատրիարք Հայրը յիշեցուց Յայտնութեան գիրքի մէջ Տէր Յիսուսի Լաոտիկիոյ եկեղեցւոյ ուղղած խօսքը, որ կ’ըսէ. Դրան առջեւ կեցած եմ ու դուռը կը դակեմ։ Ով որ դուռը բանայ, իր հետ պիտի ընթրեմ։

«Ուշադիր պէտք է ըլլանք։ Որքան մենք մեր եսին կը մեռնինք, այնքան լաւ քրիստոնեաներ կը դառնանք»։ Նորին Ամենապատուութիւնը հրաւիրեց ժողովուրդը, որ այս ամանորը առիթ ըլլայ իւրաքանչիւրին համար եսի կեդրոնական տեղէն վերցուիլը։ Այն ատեն մենք լաւ քրիստոնեաներ կ’ըլլանք ու կը սկսինք զօրանալ։

Գլխադիր Սուրբ Յակոբ, նաեւ մեր պապերը, սուրի դիմաց չդաւաճանեցին եւ իրենց կեանքին կեդրոնը ունեցան զԱստուած ու զԱյն դաւանեցին մինչեւ իրենց վերջին շունչը։ Ս. Յակոբ մեզի կը սորվեցնէ թէ մենք մեր եսը ո՞ւր դրած ենք եւ ո՞ւր դրած ենք մեր Աստուածը մեր կեանքին մէջ։

Նորին Ամենապատուութիւնը իր քարոզի աւարտին խնդրեց բարեխօսութիւնը Գլխադիր Ս. Յակոբի եւ անոր հաւատքը մաղթեց բոլորին։

Յաւարտ Ս. Պատարագի, կատարուեցաւ Ալթըմէրմէրի Գլխադիր Ս. Յակոբ Եկեղեցւոյ սատարողներու համար հոգեհանգստեան կարգ եւ մատաղօրհնէք։

Ս. Պատարագը ուղիղ եթերով տեսասփռուեցաւհամացանցի միջոցաւ ( https://www.facebook.com/TRHayBad/videos/844119436853321

Կրօնական արարողութեանց աւարտին, եկեղեցւոյ սրահին մէջ սարքուեցաւ սիրոյ սեղան։

Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın