ՄԱՐՄԱՐԱ.- Երէկ կէսօրին հաճոյքն ունեցանք ընդունելու Գալֆաեան տան Խնամակալութեան թեկնածուներու նորակազմ խումբը եւ զրուցելու ընդհանրապէս Գալֆաեանի ու այն նիւթերու մասին, որոնք մօտէն կը հետաքրքրեն մեր համայնքը։
Մեզի այցելութեան եկած էին Ալֆրէտ Սունա, Թամար Գարասու, Այգ Էրքման, Մասիս Ռիւսթէմ, Օտէթ Ճանտան, Սիմոն Գումրալ ու Վիլմա Գարա։
Նորակազմ խումբին մէջ նախկին խնամակալներէն միայն Թամար Գարասուն է որ կը շարունակէ իր պաշտօնը։ Մնացեալները նոր անդամներ են ու թէեւ փորձառութիւն չունին, բայց կþապաւինին նախկիններուն օգնութեան, որոնք արդէն խոստացած են իրենց փորձառութիւններով նեցուկ կանգնիլ նոր կազմին։
Գալֆաեանի համար կազմուած է այս միակ ցանկը։ Ընտրութիւնը տեղի պիտի ունենայ 24 Դեկտեմբերին։ Նախապէս խորհած էին թէ Սկիւտարի կամ Գատըգիւղի բնակիչներէն պիտի կազմեն խնամակալներու թեկնածու ցանկը, բայց ատիկա անկարելի եղաւ, որովհետեւ թէեւ Գալֆաեանը կը գտնուի ասիական ափին վրայ, իրականութեան մէջ Հալըճըօղլու վագըֆ է, Գալֆաեան տան հիմը դրուած է եւրոպական մասին մէջ, այդ պատճառաւ ստիպողաբար բոլոր անդամները ընտրուած են երկրորդ ընտրաշրջանի բնակիչներէն։
Անշուշտ Իսթանպուլի նման մեծ քաղաքի մը մէջ կան երթեւեկի ահռելի հարցեր եւ յաւելեալ դժուարութիւններ կը ստեղծէ այն իրականութիւնը որ դպրոցը մէկ ափին վրայ է, իսկ խնամակալները միւս ափի բնակիչներ են։
Ալֆրէտ Սունա որ պիտի ստանձնէ Ատենապետին պաշտօնը, յայտնեց թէ համայնքային գործերուն մէջ փորձառութիւն չունին, բայց առաջին հերթին պիտի ջանան ստուգել թէ իրենք նախկին Խնամակալութեան գործը շարունակելով ինչպէ՞ս կրնան դպրոցը, ուսուցումը, աշակերտներուն պայմանները բարելաւել, ամրապնդել եւ զանոնք դէպի ապագայ ջամբել վճռական, հաստատ եւ արդիւնաբեր քայլերով։ Ան իրաւամբ շեշտեց թէ դժբախտաբար մեր համայնքին մէջ ուծացում մը կþապրինք, համայնքին մեծամասնութիւնը հեռացած է ազգային պատկանելիութենէն, հեռու մնացած է համայնքային կեանքէն։ »Պէտք է աշխատիլ այս զանգուածը վերաշահելու ուղղութեամբ, որպէսզի այդ ընտանիքները իրենց զաւակներու ուսման համար նախընտրեն մեր վարժարանները«, ըսաւ ան։
Ալֆրէտ Սունա ընդգծեց նաեւ կարեւորութիւնը համայնքային մարմիններու միջեւ համագործակցութեան, իրերօգնութեան, թափանցիկութեան եւ »միացեալ դրամական աւազան«ի մը հաստատման։
Թամար Գարասու որ դեռահասներու եւ պատանիներու ուսուցման մարզէն ներս տարիներու փորձառութեան տէր է եւ վերջին շրջանին եղած է Գալֆաեանի սիւներէն մին, ցաւօք սրտի արտայայտուեցաւ աշակերտներու թիւի նուազման մասին, միւս կողմէ սակայն ուրախութեամբ պատմեց թէ ինչպիսի լաւ արդիւնքներ ձեռք կը ձգեն իրենց շրջանաւարտները թէ՛ լիսէներու, թէ՛ համալսարաններու մտից քննութիւններուն մէջ։
Մեր միւս հիւրերն ալ բացատրութիւններ տուին իրենց ծրագիներու մասին։
Մեր գրեթէ բոլոր դպրոցներուն նման Գալֆաեանն ալ ունի նիւթական դժուարութիւններ եւ ամէն տարի Նոյեմբեր ամսուան մէջ մատաղօրհնութեան ու Սիրոյ Սեղանի շնորհիւ կը ջանայ ապահովել իր տարեկան պիւտճէն։ Այս տարի, ընտրութիւններուն ալ պատճառով այս երկուամսուայ ընթացքին չափէն աւելի խճողեալ յայտագիր մը կայ, ուստի խնամակալները նպատակայարմար նկատած են մատաղը յետաձգել 2023ի Փետրուարին։ Ուրեմն անմիջապէս ընտրուելէ ետք առաջին հերթին իրենց կը սպասէ մատաղի պատրաստութեանց աշխատանքը։
Խնամակալութեան մաս կը կազմեն նաեւ Արթուն Միմար, Պէսսէ Գապաք, Նաթալի Յովհաննիսեան եւ Շահնուր Գազանճը, որոնք երէկ կը բացակայէին։
Ուրախ ենք ծանօթանալու այս խանդավառ եւ վճռական խումբին։ Յարատեւ յաջողութիւն կը մաղթենք թեկնածուներուն՝ իրենց այս սրբազան պաշտօնին գլուխ։
Ա. Հ.
İlk yorum yapan siz olun