Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Սրբազան Պատրիարք Հայրը, 15 Դեկտեմբեր 2022, Հինգշաբթի, ընդունեց Պոյաճըգիւղի Ս. Երից Մանկանց Եկեղեցւոյ նորընտիր Թաղային Խորհուրդի անդամները, առաջնորդնորդութեամբ Հոգշ. Տ. Յովակիմ Աբղյ. Սերովբեանի եւ գլխաւորութեամբ Ատենապետ Նազարէթ Էօզսահակեանի։
Նորին Ամենապատուութիւնը ողջունեց այցելուներու ներկայութիւնն ու անգամ մը եւս շնորհաւորեց իրենց ընտրութիւնը։
Ատենապետ Նազարէթ Էօզսահակեան շնորհակալութիւն յայտնեց ընդունելութեան համար եւ ուրախութեամբ յայտնեց նաեւ, որ ընտրութենէն ետք շուտով ստացած են իրենց պետական վաւերացումը։
Ներկաներ յետ վաւերացման իրենց անդրանիկ պաշտօնական այցելութեամբ եկած էին Նորին Ամենապատուութեան աղօթքն ու օրհնութիւնը ստանալու։
Ընդունելութեան աւարտին Նորին Ամենապատուութիւնը իր հայրական օրհնութիւնը տուաւ Թաղային Խորհուրդին, յաջողութիւն մաղթեց իրենց եկեղեցանուր ու կրթանուէր գործունէութեանց մէջ։
Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad
İlk yorum yapan siz olun