Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Սրբազան Պատրիարք Հայրը, 15 Դեկտեմբեր 2022, Հինգշաբթի, ընդունեց Կէտիկփաշայի Ս. Յովհաննէս Աւետարանիչ Եկեղեցւոյ նորընտիր Թաղային Խորհուրդի անդամները, առաջնորդնորդութեամբ Արժ. Տ. Տրդատ Աւ. Քհնյ. Ուզունեանի եւ գլխաւորութեամբ Ատենապետ Մանուկ Գալայճըի։
Նորին Ամենապատուութիւնը ողջունեց այցելուներու ներկայութիւնն ու անգամ մը եւս շնորհաւորեց իրենց ընտրութիւնը։
Ատենապետ Մանուկ Գալայճը շնորհակալութիւն յայտնեց ընդունելութեան համար եւ ուրախութեամբ յայտնեց նաեւ, որ ընտրութենէն ետք շուտով ստացած են իրենց պետական վաւերացումը։
Ներկաներ յետ վաւերացման իրենց անդրանիկ պաշտօնական այցելութեամբ եկած էին Նորին Ամենապատուութիւնը հրաւիրելու յառաջիկայ 25 Դեկտեմբեր 2022, Կիրակի առաւօտ Կէտիկփաշայի Ս. Յովհաննէս Աւետարանիչ Եկեղեցւոյ մատաղօրհնութեան եւ սիրոյ սեղանին։
Ընդունելութեան աւարտին Նորին Ամենապատուութիւնը իր հայրական օրհնութիւնը տուաւ նորընտիր Թաղային Խորհուրդին, յաջողութիւն մաղթեց իրենց եկեղեցանուր ու կրթանուէր գործունէութեանց մէջ եւ խոստացաւ նախագահել մատաղօրհնութեան ու սիրոյ սեղանին:
Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad
İlk yorum yapan siz olun