İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԳՈՑ ՇՈՒԿԱՅԻ ՄԷՋ ՅՈԲԵԼԵԱՆ

Գոց շուկայի մէջ երէկ եզակի յոբելեան մը նշուեցաւ։ Այսպէս, «Աբրահամ 1882» թանկարժէք մետաղներու արժեւորման եւ արձանագրման հաստատութեան հիմնադրութեան 140-ամեակին առթիւ տեղի ունեցաւ մասնաւոր հաւաքոյթ մը, որ անցաւ շատ ջերմ մթնոլորտի մը մէջ։ Այս հաստատութիւնը հիմնադիրէն ստանձնելով տեւականացուցած է հոգելոյս Հրանդ Պիւքիւճեան։ Ներկայիս ան կը պատկանի Ալէն Թեքպըչաքի եւ Վարուժան Սոմունճուի։ Գոց շուկայի այս գողտրիկ խանութը մէկ կողմէ հրապարակի վրայ վարկ ու համբաւ կը վայելէ, իսկ միւս կողմէ ամբողջութեամբ կը պահէ իր պատմական դիմագիծը։

Ալէն Թեքպըչաքի ջանքերով կազմակերպուած երէկուան տարեդարձը թէեւ սահմանափակ մասնակիցներով տեղի ունեցաւ, սակայն խոր իմաստ ունէր եւ մեծ ոգեւորութեան առիթ դարձաւ։ Հրաւիրուած էին հոգելոյս Հրանդ Պիւքիւճեանի այրին՝ Նատիա Պիւքիւճեան, դուստրը՝ Սելին Ժամկոչեան, ինչպէս նաեւ թոռները՝ Սինան Մայք Ժամկոչեան եւ Ալեսիա Թորոս։ «Yüzyıllık Markalar» միութեան ներկայացուցիչներն ալ փութացած էին ուրախակից ըլլալու եւ միանալու տարեդարձի հրճուանքին։ Ալէն Թեքպըչաք բոլոր ներկաները հիւրասիրեց Գոց շուկայի ճաշարաններէն մէկուն մէջ, ուր ծափողջոյններով հատուեցաւ 140-ամեակի կարկանդակը։  

http://www.jamanak.com/content/թրքահայ-կեանք/14-12-2022-գոց-շուկայի-մէջ-յոբելեան

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın