Պատրիարքական Աթոռոյ միաբաններէն Հոգշ. Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, Խաչատուրեան Դպրաց Դաս Երգչախումբի տօնակատարութեան մասնակցելէ յետոյ, ուղուեցաւ Սան Ֆրանսիսքօ քաղաքը, ուր ունեցաւ կարճատեւ կեցութիւն։ Այս առիթով, Ս. Յովհաննէս Եկեղեցւոյ ծուխէն Հայր Սուրբի ազգականաց՝ Կամիթեան Ընտանիքի եւ բարեկամներուն նախաձեռնութեամբ, 6 Դեկտեմբեր 2022, Երեքշաբթի, Հայր Սուրբին ի պատիւ սիրոյ սեղան մը սարքուեցաւ մասնակցութեամբ շրջանի Պոլսահայերու։ Ներկայ եղաւ նաեւ Ս. Յովհաննէս Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ՝ Արժ. Տ. Մեսրոպ Քհնյ. Էշեան։
Այս առթիւ ողջոյնի խօսք արտասանեց Տ. Մեսրոպ Քահանան եւ ողջունեց Հայր Սուրբի ներկայութիւնը։ Յայտնեց, թէ՝ իր ծուխին մէջ կային երբեմնի Պոլսեցիներ, որոնք իրենց ծառայութեամբ միշտ նեցուկ կանգնած են եկեղեցւոյ առաքելութեան։ Այս առումով, իրենց ծննդավայրէն հոգեւորականի մը ներկայութիւնը ուրախութիւն էր։ Սրտի խօսքեր արտասանեցին նաեւ Ս. Խաչ Դպրեվանքի ընտանիքի ծանօթ դեմքերէն Անդրանիկ եւ Յասմիկ Ճինկէօզ, որոնք եւս իրենց բարեկամներուն անունով բարի գալուստ մաղթեցին Հայր Սուրբին, յայտնելով թէ՝ միշտ կը հետեւին Պոլսոյ եկեղեցական եւ ազգային անցուդարձերուն։ Յիշեցուցին նաեւ, թէ՝ Ս. Խաչ Դպրեվանքը Երանաշնորհ Շնորհք Պատրիարքի առաջնորդութեամբ անցեալին ազգասիրութիւն եւ ծառայասիրութիւն ջամբած էր իրենց։ Իսկ տարիներ յետոյ, ԱՄՆ-ի մէջ Առաջնորդ Շնորհք Արքեպիսկոպոսի հիմնադրած Սան Ֆրանսիսքօյի Ս. Յովհաննէս եւ Օքլընտի Ս. Վարդան եկեղեցւոյ մէջ իրենց որպէս վարիչ ծառայելը մեծ նշանակութիւն ունեցած էր։ Այս առթիւ վերյիշեցին անցեալէն յիշատակներ։
Մտերիմ հանդիպման ընթացքին Հայր Սուրբը եւս սրտի խօսք մը արտասանեց, յայտնելով, թէ՝ Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր օրհնութեամբ կը գտնուի ԱՄՆ-ի մէջ եւ այս մէկը առիթ է որ Պոլիս ծնած հարազատներուն եւ իրենց բարեկամներուն փոխանցուին Պատրիարք Հօր օրհնութիւններն ու սէրը։ Այս առթիւ յիշեցուց նաեւ, թէ՝ շրջանի մէջ կը գտնուէր օրհնութեամբ՝ Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Բարձր. Տ. Յովնան Արքեպս. Տէրտէրեանի եւ այս առթիւ իր որդիական երախտիքը յայտնեց Սրբազան Հօր։ Շաբաթավերջի հանդիսաւոր արարողութիւններէ յետոյ, լաւ առիթ էր նման հանդիպումը։ Նշեց նաեւ, թէ՝ համացանցի ճամբով ծանօթութիւն ունէր շրջանի հոգեւոր ծառայութեան մասին, սակայն կարճատեւ կեցութիւնը առիթ եղած էր որ այս միոյն մասին աւելի յստակ մտածողութիւն ունենայ։ Այս առումով գնահատեց Տ. Մեսրոպ Քահանայի ծառայութիւնը եւ յաջողութիւն մաղթեց իրեն։ Յիշեցուց նաեւ, ուրախ էր տեսնել Պոլիս ծնած մերազն ժողովուրդի անհատներուն այցելութիւնները յատկապէս ամրան շրջանին։ Այս առթիւ, թելադրեց ներկաներուն որ իրենց բարոյական կապը միշտ ամուր պահեն իրենց ծննդավայրին հետ եւ հետեւող ըլլան Պատրիարքական Աթոռոյ առաջնորդութեամբ կատարուած ազգային եւ եկեղեցական կեանքին։ Հայր Սուրբը շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ հիւրընկալութեան համար։
İlk yorum yapan siz olun