Թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքի իրադարձութիւնները այս շրջանին կը բնորոշուին համայնքային ընտրութիւններու գործընթացով։ Ինչպէս ծանօթ է, Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց թաղային խորհուրդի ընտրութիւնը այս ամբողջին մէջ մասնաւոր ուշադրութեան առարկայ կը դառնայ՝ յայտնի հանգամանքներու բերումով։ Աւելի քան ինն տասնեակ թեկնածուներ՝ բոլորն ալ անհատապէս առաջադրուած են Պէյօղլուի պարագային, որպէսզի յառաջիկայ շրջանին կարենան ստանձնել թաղային խորհուրդին ղեկը։ Անշուշտ, անջատ կազմուած ընտրական մարմնի տնօրինութիւնները մտահոգութեան առարկայ կը դառնան, սակայն, այս պահու դրութեամբ ընտրական գործընթացը այդ ճշդուած կանոններու հունին մէջ կը շարունակուի։
Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց թաղային խորհուրդի ընտրութիւններուն առթիւ թեկնածութիւն առաջադրած է նաեւ համայնքային շրջանակներու յայտնի դէմքերէն Նաժտա Շատեան։ Ան կը վայելէ համակրանք եւ այս փուլին համայնքային շրջանակները ջերմօրէն կ՚ողջունեն իր թեկնածութիւնը։
Երէկ երեկոյեան, Ֆէրիգիւղի «Շիրինօղլու» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Նաժտա Շատեանին ի նպաստ զօրակցութեան հաւաքոյթ մը, որու ընթացքին ան շրջապատուեցաւ իր բազում համակիրներուն կողմէ։ Հաւաքոյթի ընթացքին Նաժտա Շատեան ունեցաւ ելոյթ մը՝ բաժնելով Պէյօղլուի վերաբերեալ իր տեսլականը։
Հուսկ, բոլորը յաջողութիւն մաղթեցին Նաժտա Շատեանին՝ վստահութիւն արտայայտելով, թէ համայնքի աջակցութեամբ ան կը կարողանայ յառաջիկայ շրջանին մաս կազմել Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց թաղային խորհուրդին։
İlk yorum yapan siz olun