Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 8 Դեկտեմբեր 2022, Հինգշաբթի երեկոյ, մասնակցեցաւ Ա.Մ.Ն.ու Ստանպուլի նորանշանակ Աւագ Հիւպատոս Ճուլի Էտէյի սարքած ընդունելութեան։
Աւագ Հիւպատոսի բնակարանին մէջ սարքուած ընդունելութեան նպատակն էր ծանօթանալ՝ քաղաքիս դիւանագիտական ու կրօնական ներկայացուցիչներուն հետ։
Ինչպէս ծանօթ է, տաս օր առաջ, յարգելի Աւագ հիւպատոսը այցելած էր Պատրիարքարան։
Պատրիարք Հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց յարգելի Աւագ Հիւպատոսին սոյն ընդունելութեան համար եւ յաջողութիւն մաղթեց դիւանագիտական իր նոր պաշտօնին մէջ։
Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad
İlk yorum yapan siz olun