Պատրիարքական Աթոռոյ Հոգեւորականաց Համագումար Ժողովը գումարուեցաւ 9 Դեկտեմբեր2022, Ուրբաթ, ժամը 10.00-ին Պատրիարքարանի Դահլիճին մէջ, նախագահութեամբ Ն.Ա.Տ. ՍահակԲ. Սրբազան Պատրիարք Հօր։
Ժողովի հրաւիրուած էին քաղաքս ծառայող հոգեւորականներ, համայնքային եկեղեցական կեանքըյուզող կարեւոր հարցերու եւ համայնքային ընտրութիւններու մասին խորհրդակցելուառաջադրութեամբ։
Ժողովը բացուեցաւ աղօթքով եւ ապա ձեռնարկուեցաւ դիւանի կազմութեան։ Կատարուած բացքուէարկութեամբ ատենապետութեան կոչուեցաւ Արժ. Տ. Գրիգոր Աւագ Քհնյ. Տամատեան, իսկատենդպրութեան՝ Հոգշ. Տ. Յովակիմ Աբեղայ Սերովբեան։
Ներկաներու ճշդում կատարուեցաւ։ Իրենց առողջական հարցերու պատճառաւ բացակայեցաներկու, արտասահման գտնուելու պատճառաւ՝ երկու, հանգստեան՝ մէկ, գաւառ գտնուելուպատճառաւ՝ մէկ, ընդհանուր գումար՝ վեց անդամ։ Մասնակցեցան քսան մէկ անդամներ։
Նախ հանգստեան աղօթքով յիշատակուեցան Պատրիարքական Աթոռոյ վախճանեալհոգեւորականները։
Օրակարգին մաս կը կազմէր համայնքային եկեղեցական կեանքը յուզող կարեւոր հարցերն ուհամայնքային ընտրութիւնները։
Յետ նիստի, ժողովը զեկոյց մը հրատարակեց։
Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad
İlk yorum yapan siz olun