İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԶԵԿՈՅՑ ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐ ԺՈՂՈՎԻ

Պատրիարքական Աթոռոյ Հոգեւորականաց Համագումար Ժողովը գումարուեցաւ 9 Դեկտեմբեր 2022, Ուրբաթ, ժամը 10.00-ին Պատրիարքարանի Դահլիճին մէջ, նախագահութեամբ Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Սրբազան Պատրիարք Հօր։ 

Ժողովի հրաւիրուած էին քաղաքս ծառայող հոգեւորականներ, համայնքային եկեղեցական կեանքը յուզող կարեւոր հարցերու եւ համայնքային ընտրութիւններու մասին խորհրդակցելու առաջադրութեամբ։

Ժողովը բացուեցաւ աղօթքով եւ ապա ձեռնարկուեցաւ դիւանի կազմութեան։ Կատարուած բաց քուէարկութեամբ ատենապետութեան կոչուեցաւ Արժ. Տ. Գրիգոր Աւագ Քհնյ. Տամատեան, իսկ ատենդպրութեան՝ Հոգշ. Տ. Յովակիմ Աբեղայ Սերովբեան։

Ներկաներու ճշդում կատարուեցաւ։ Իրենց առողջական հարցերու պատճառաւ բացակայեցան երկու, արտասահման գտնուելու պատճառաւ՝ երկու, հանգստեան՝ մէկ, գաւառ գտնուելու պատճառաւ՝ մէկ, ընդհանուր գումար՝ վեց անդամ։ Մասնակցեցան քսան մէկ անդամներ։

Նախ քան օրակարգի քննարկումը արտասանուած հանգստեան աղօթքով յիշատակուեցան Պատրիարքական Աթոռոյ վախճանեալ հոգեւորականները։

Օրակարգի առաջին նիւթն էր համայնքային ընտրութիւններու պարագային եկեղեցականներու կողմնակցութիւնը։ Յետ կատարուած խորհրդակցութեան, որոշուեցաւ յետ այսու պահել հոգեւորականաց աւանդական սովորութիւնը, ըստ որում եկեղեցականներ պարտին անկողմնակալ մնալ իրենց գրաւոր ու բանաւոր արտայայտութեանց մէջ, մանաւանդ համացանցի կամ ընկերային զանազան մթնոլորտներու մէջ։ Բնականաբար, իւրաքանչիւր հոգեւորական՝ որպէս համայնքիս իրաւացի անդամ, իրաւունքը ունի նախընտրել եւ քուէարկել իր նախընտրած թեկնածուներու ի նպաստ։ 

Միաձայնութեամբ որոշուեցաւ նաեւ յետ այսու կատարուելիք անսաստումները կը հրաւիրեն պատասխանատուութիւն զանցառուներու վրայ, որոնց համար կը սահմանուի կարգապահական տնօրինութիւն։

Օրակարգի երկրորդ նիւթն էր Պէյօղլուի եւ Պիւյիւքտէրէի եկեղեցիներու թաղային խորհուրդներու ընտրութիւնները։

Ինչպէս յայտնի է, Պէյօղլուի եւ Պիւյիւքտէրէի եկեղեցիներու ընտրութեանց կարգադիր յանձնախումբերը իրենց առած որոշումներով դժուարութեան մատնած էին ընտրողներու ժողովրդավար եւ լայնածաւալ մասնակցութիւնը։ Հոգեւոր հայրեր ցաւով արտայայտուեցան սոյն կարգադրութեան մասին, որ դժուարութիւն կը յարուցէր մերազն ժողովուրդի մասնակցութեան առջեւ։

Ժողովական հայրեր նիստի ընթացքին կոչ ուղղեցին՝ Պէյօղլուի եւ Պիւյիւքտէրէի Կարգադիր Յանձնախումբերուն, պահանջելով թէ սնտուկներ զետեղուին Ֆերիգիւղի եւ Սամաթիոյ մէջ։ Նաեւ կոչ ուղղեցին համայնքային եւ թաղային վարիչներուն, որպէսզի իրենք եւս թարգման հանդիսանալով ժողովուրդի արդար պահանջքին՝ իրենց ձայնը բարձրացնեն պատշաճ թելադրութիւններով։ 

Օրակարգի երրորդ նիւթն էր Նառլըգաբուի Եկեղեցւոյ ընտրութիւններու ընթացքին տարածուած անպատեհ եւ անարգական քարոզչութիւնը, որու մէջ կողմերէն մին կ՚ամբաստանուէր բողոքականութեամբ։

Հոգեւոր հայրեր յուզումով ու տխրութեամբ արտայայտուեցան Հայաստանեայց Առաքելական Ս. Եկեղեցւոյ անդամներուն հասցէին կատարուած այս զրպարտութիւններուն դէմ եւ միաձայնութեամբ պախարակեցին։

Նկատի առնուեցաւ կատարուած ցեխարձակումներու շարժառիթը, քանի՝ տարիներէ ի վեր եկեղեցականներու դէմ ի գործ դրուած են ծրագրուած ամբաստանութիւններ, որոնցմով հոգեւորականներ կը մեղադրուին ըլլալ Հայ Եկեղեցին պառակտելու համար պաշտօնի կոչուած «Էվանժէլիստ միսիոնարներ»։ 

Ժողովական հայրեր մի առ մի վկայութիւն բերին թէ եկեղեցւոյ նուիրապետական կարգերու մէջ գոյութիւն չունի Հայաստանեայց Առաքելական Ս. Եկեղեցւոյ դէմ գործող ոեւէ հոգեւորական։ Ամբաստանեալ հոգեւորականները իրենց կատարեալ հաւատարմութիւնը յայտնեցին Հայաստանեայց Առաքելական Ս. Եկեղեցւոյ կարգ-կանոնին, դաւանանքին եւ վարդապետութեան նկատմամբ, հիմնուելով՝ իրենց քահանայական ուխտին վրայ։ Հոգեւոր հայրեր միաձայնութեամբ պախարակեցին սոյն ցեխարձակումները։

Նկատի առնուեցան նաեւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր անձին դէմ եղած զրպարտութիւնները, ցեխարձակումները եւ անհիմն պնդումները։ Ժողովական հայրեր միաձայնութեամբ եւ ցասումով պախարակեցին կատարուած անիրաւ պնդումները: 

Մասնակից հայրերը կոչ ըրին վերջ տալ սոյն տգեղ ու ոչ-քրիստոնէական ընթացքին։

Հոգեւոր հայրեր Պատկ. Կրօնական Ժողովի ուշադրութեան յանձնեցին սոյն ցեխարձակիչ անձերու նկատմամբ կիրարկելի կարգապահական հոգեւոր տնօրինութիւնները։

Պէտք է նշել, որ Պատրիարքական Աթոռը յարգանք ունի Բողոքական եկեղեցիներու իրենց համայնքներու հետ կատարած աշխատանքներուն եւ կը մաղթէ թէ սոյն բացասական զարգացումները չեն վնասեր քաղաքիս մէջ առկայ միջեկեղեցական յարաբերութեանց։

ԴԻՒԱՆ ՀՈԳԵՒՈՐԱԿԱՆԱՑ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐ ԺՈՂՈՎՈՅ

Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad 

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın