Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Սրբազան Պատրիարք Հայրը, 7 Դեկտեմբեր 2022, Չորեքշաբթի, ընդունեց Պաքըրգիւղի Թաղային Խորհուրդի անդամները, գլխաւորութեամբ Ատենապետուհի Մարի Եանճըի։
Նորին Ամենապատուութիւնը ողջունեց այցելուներու ներկայութիւնն ու անգամ մը եւս շնորհաւորեց իրենց ընտրութիւնը։
Ատենապետ Մարի Եանճը շնորհակալութիւն յայտնեց ընդունելութեան համար եւ ուրախութեամբ յայտնեց նաեւ, որ ընտրութենէն ետք շուտով ստացած են իրենց պետական վաւերացումը։
Ներկաներ յետ վաւերացման իրենց անդրանիկ պաշտօնական այցելութեամբ եկած էին Նորին Ամենապատուութիւնը հրաւիրելու յառաջիկայ 8 Յունուար 2023, Կիրակի առաւօտ Պաքըրգիւղի Ծնունդ Ս. Աստուածածնի Եկեղեցւոյ եւ Տատեան Վարժարանի ի նպաստ սարքելի մատաղօրհնութեան եւ սիրոյ սեղանին։
Ընդունելութեան աւարտին Նորին Ամենապատուութիւնը իր հայրական օրհնութիւնը տուաւ Թաղային Խորհուրդին, յաջողութիւն մաղթեց իրենց եկեղեցանուր ու կրթանուէր գործունէութեանց մէջ եւ խոստացաւ նախագահել մատաղօրհնութեան ու սիրոյ սեղանին։
https://www.facebook.com/photo/?fbid=443964041273500&set=a.388050840198154
İlk yorum yapan siz olun