Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 8 Դեկտեմբեր 2022, Հինգշաբթի, ընդունեց Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ եւ Կեդրոնական Վարժարանի ընտրութեան թեկնածուները, առաջնորդութեամբ Արժ. Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեանի եւ գլխաւորութեամբ Յարութիւն Էպէօղլուի։
Նորին Ամենապատուութիւնը ողջունեց այցելուներու ներկայութիւնը եւ գոհունակութիւն յայտնեց, որ ընտրութեան սեմին այցելած էին իրենց հոգեւոր կեդրոնը, ինչ որ առիթ ընծայած էր թեկնածուները ճանչնալու։
Այցելուներ շնորհակալութիւն յայտնեցին ընդունելութեան համար եւ ծանօթացուցին իրենք զիրենք եւ փափաքեցան հաղորդ դառնալ Նորին Ամենապատուութեան թելադրանքներուն։
Մեր Հոգեւոր Պետը իր հայրական օրհնութիւնը տուաւ թեկնածուներուն, յաջողութիւն մաղթեց ընտրական շրջանի իրենց եկեղեցանուէր ու կրթանուէր գործունէութեանց մէջ։
Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad
İlk yorum yapan siz olun