İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

Ուսուցչաց Հիմնարկի հրատարակութիւններու շարքէն ԼՈՅՍ ՏԵՍԱՒ Ռ. ՀԱՏՏԷՃԵԱՆԻ ԹԱՐԳՄԱՆՈՒԹԵԱՄԲ »ԵՐԵՔ ԹԱՏԵՐԱԽԱՂԵՐ« ԳԻՐՔԸ

ՄԱՐՄԱՐԱ.- Կը սիրէ՞ք թատերգութիւններ կարդալ, կը սիրէ՞ք դուք ձեզ դնել հերոսներու տեղ ու դառնալ թատերախաղի մը կերպարներէն մէկը, կը սիրէ՞ք որպէս գրականութիւն ընթերցումներ ընել թատերախաղերէն։ Եթէ այո՛ է ձեր պատասխանը, ուրեմն նուէր մը ունիք Ուսուցչաց Հիմնարկէն։ 

Արդարեւ, Ուսուցչաց Հիմնարկի 2022ի հրատարակութիւններու շարքէն, Մարմարա-ի »Մուրատ Օֆսէթ« տպարանը լոյս ընծայեց »Երեք թատերախաղեր« անունով գիրքը։ Երեք թատերախաղերու թարգմանութիւններն են, կատարուած մեր խմբագրապետ Ռ. Հատտէճեանի կողմէ։ Հարօլտ Բինթէրի »Վարինները«, Միւրրէյ Շիսկէլի »Վագրը« եւ Ուիլիըմ Սարոյեանի »Սիրտս լեռնագաւառն է« թատերախաղերու այս թարգմանութիւնները անտիպ էին, կը պահուէին Ռ. Հատտէճեանի կողմէ մեքենագրուած ձեւով, իսկ հիմա ահաւասիկ Ուսուցչաց Հիմնարկի շնորհիւ, լոյս կը տեսնեն ու կը դրուին գրասեղաններուն վրայ։

Հիմնարկի վարչութիւնը այս առիթով կը յիշեցնէ որ 1940ականներու կիսուն եռուն կեանք մը կþապրէր Պոլսահայութիւնը, կը հիմնուէին Սանուց Միութիւններ, անոնց երդիքին տակ ալ՝ թատերախումբեր։ Տրուած ըլլալով որ այդ տարիներուն ամէն ինչ հայերէնով էր, ներկայացումներուն թէմա ներկայացնելու նպատակով կարգ մը գրողներ կա՛մ նոր թատերախաղեր գրեցին եւ կամ թարգմանեցին օտար հեղինակներու ստեղծագործութիւնները։

»Երեք թատերախաղեր«ու հրատարակութիւնը այդ օրերու գրական եռուզեռէն նմոյշ մըն է եւ կը ներկայացնէ Ռ. Հատտէճեանի թարգմանութիւնները։

Թատերախաղերու լեզուն դիւրասահ է, միարար, հետեւաբար դիւրին է նաեւ անոնց բեմադրութիւնը։ Կը մնայ մաղթել որ բեմադրիչներ, թատրոնի սիրահարներ կարդան, սիրեն, սերտեն ու յետոյ մեր բեմերուն վրայ ներկայացնեն այս խաղերը, նոր շարժում մը սկսելով թատրոնի աւանդութիւններուն մէջ։

Ուշագրաւ է որ այս հրատարակութեան մեկենասութիւնը դարձեալ կը պարտինք գրասէր ամոլի մը, Ուսուցչաց Հիմնարկի հաւատաւոր բարեկամներէն Տօքթ. Սուրէն եւ Տօքթ. Մարիա Պօղոսեաններուն, որոնք գիրքը ձօնած են իրենց ծնողներու՝ Ողբ. Խաչիկ Պօղոսեանի մահուան 40րդ եւ Ողբ. Վերժին Պօղոսեանի մահուան 20րդ տարելիցներուն։

Գիրքը հրատարակութեան պատրաստուած է »Մարմարա«ի աշխատակիցներուն կողմէ։

Շնորհակալութիւն կը յայտնենք Ուսուցչաց Հիմնարկի վարչութեան ու մեկենաս ամոլին։

https://www.normarmara.com/arsiv2022-2/071222lu.html

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın