İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՊՈԼՍԱՀԱՅ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՎՐԴ. ՏԱՄԱՏԵԱՆԻ ՀԵՏ

Պատրիարքական Աթոռոյս միաբաններէն Հոգշ. Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, որ այս շաբաթավերջին օրհնութեամբ Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ Բարձր. Տ. Յովնան Արքեպս. Տէրտէրեանի կը գտնուի Լոս Անճելոսի մէջ, 2 Դեկտեմբեր 2022, Ուրբաթ, երեկոյեան, Պոլսահայ Միութեան կեդրոնի շքեղ հանդիսասրահին մէջ հիւրընկալուեցաւ Պոլսահայ Միութեան անդամներու կողմէ։ Հանդիպումը առիթ ստեղծեց որ Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռոյ առաքելութեան մասին տեղեկութիւններ փոխանցուի։

Հանդիսութիւնը պատուեց Յովնան Արքեպիսկոպոսը, որուն կողքին ներկայ էին Պոլսահայ Միութեան անդամները։ Ջերմ մթնոլորտին մէջ կայացած հանդիպման ողջոյնի խօսքը արտասանեց Միութեան Մշակութային Յանձնախումբի Ատենապետ Յովհաննէս Քուլաք եւ մեծ ուրախութեամբ ողջունեց Հայր Սուրբի ներկայութիւնը եւ յանուն ներկաներուն բարի գալուստ մաղթեց իրեն։ Ապա, միութեան նախկին ատենապետներէն Սիմոն Աճըիլաչ կենսագրութիւնը ընթերցեց Հայր Սուրբին եւ ապա զինքը բեմ հրաւիրեց, որպէսզի ներկայացումը կատարէ։

Յարութիւն Վարդապետ, առաջին հերթին իր ուրախութիւնը յայտնեց, թէ՝ երազային պահ մը կ՚ապրէր Լոս Անճելոսի մէջ, ներկայանալով Պոլիս քաղաքէն մարմնապէս հեռու հարազատներու։ Իր խօսքի սկիզբը, փոխանցեց Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր ողջոյնի խօսքը, ուղղեալ միութեան անդամներուն. «Սիրոյ ջերմագին ողջոյններ կ՚առաքենք սփիւռքի տարածքին գտնուող Պոլսահայ Միութեան բարեպաշտ եւ եկեղեցանուէր անդամներուն, որոնք սփիւռքեան պայմաններուն ներքեւ կը փորձեն պահել մեր աւանդութիւնները, միանգամայն հոգեւոր եւ տոհմիկ կապ պահելով իրենց ծննդավայրին հետ»։ Ապա, յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց Յովնան Արքեպիսկոպոսին, որուն օրհնութեամբ իրականացած էր սոյն հանդիպումը եւ ինք անձամբ ներկայ կը գտնուէր։ Նաեւ յիշեց, Պոլսոյ երանաշնորհ գահակալները սկսեալ Թեմի առաջին Առաջնորդ Գարեգին Արքեպս. Խաչատուրեանէն։

Հայր Սուրբը, ապա ներկայացուց Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռոյ գործունէութիւնը, սկսեալ Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր գահակալութեան շրջանի առաջին օրերէն մինչեւ այսօր։ Այս առթիւ յատուկ ձեւով նախ անդրադարձաւ համավարակի շրջանին տիրապետող իրավիճակին եւ յայտնեց թէ այս իրավիճակին դժուար դարձած էր բազում ծրագիրներ կեանքի կոչել։ Այս առումով, յիշեց նաեւ թէ՝ համավարակի շրջանին ծնունդ առած էր Աթոռոյ ամենակարեւոր առաքելութիւններէն մին՝ Ընկերային Օժանդակութեան Յանձնախումբը։ Ներկայացուց, թէ՝ յանձնախումբը 2020-ին գործել սկսած էր օրհնութեամբ Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հօր եւ բազմաթիւ կամաւորներու եւ երեք տարուայ գործունէութեան ընթացքին աղքատախնամ մարմիններու եւս գործակցութեամբ հասած էր մօտաւորապէս 1600 հոգիներու օգնութեան։ Այս մէկը ներկայիս, կը շարունակէր գործել առաւել եւս մեծ թափով եւ միշտ հաշուետու մնալով հաստատութիւններուն եւ բարեսէր ժողովուրդին։ Այս առիթով նշեց նաեւ, թէ՝ համավարակի շրջանին թափ ստացած տեղեկատուական բաժանմունքի ծառայութեամբ, Աթոռոյ արարողութիւնները, Պատրիարք Հօր հայերէն ու թրքերէն քարոզները հազարաւոր անձերու հասած էին։ Այս մէկը առիթ եղած էր նաեւ ներկայացնելու Պոլսական աւանդութիւնը եւ ապրող եկեղեցական կեանքը։

Յարութիւն Վարդապետ, աւելի յետոյ անդրադարձաւ նաեւ Աթոռոյ կրթական եւ մշակութային առաքելութեան։ Այս առումով յայտնեց, թէ՝ Պատրիարք Հօր օրհնութեամբ եւ Արժ. Տ. Տրդատ Աւ. Քհնյ. Ուզունեանի տեսչութեամբ հաստատուած լսարանի գործունէութիւնը կարճ ժամանակի մէջ իր արդիւնքը տուած էր եւ Նորին Ամենապատուութեան ձեռամբ արդէն իսկ ձեռնադրուած էին հինգ հոգեւորականներ, օգտուած ըլլալով սոյն աշխատութենէն։ Այս մէկը նաեւ առիթ եղած էր որ քաղաքիս մէջ եկեղեցւոյ սպասաւորներ եւ երաժիշտներ առաւել եւս զարգացնեն իրենց գիտելիքները։ Բաց աստի, այս շրջանին Պատրիարքական Աթոռը, կրթական մշակներու հետ եւս հաւաքոյթներ հաստատելով, Հայ լեզուի եւ կրօնագիտութեան դասաւանդութեան մասին իր գաղափարները փոխանցած է, որով շեշտած է վերապատրաստութեան կարեւորութիւնը։ Բաց աստի, Հայերէն մշակոյթի նկատմամբ ամենէն կարեւոր նշաններէն մին եղած է, Պոլսահայ հայատառ մամուլին զօրակցելու կոչերը եւ գործնական օժանդակութիւնները։

Ներկայացման ընթացքին յատուկ ձեւով շեշտուած է նաեւ գաւառի ժողովուրդին հետ Պատրիարք Հօր հաստատած մթնոլորտը, որով այս շրջանին համար Գաւառի Տեսուչ նշանակուած էր Արժ. Տ. Աւետիս Քահանան։ Այս մէկը առիթ ստեղտած էր, որ Աթոռը համգամալիցօրէն առաւել եւս արագ մօտենայ գաւառաբնակ մերազն ժողովուրդին։ Հանդիպման վերջին փուլին արտայայտուեցաւ նաեւ երիտասարդական առաքելութեան եւ այս առումով Աթոռոյ հովանաւորութեամբ կատարուած զանազան գործունէութեանց մասին։

Հանդիպման աւարտին իր սրտի խօսքը արտասանեց Յովնան Արքեպսիսկոպոս եւ մեծապէս գնահատեց իր տարած աշխատութիւնը։ Սոյն ներկայացումը իմաստալից եւ յստակ գիծերով կը պատկերացնէր Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռոյ վերջին ժամանակներու գործունէութիւնը։ Յատկապէս նիւթերու դասաւորումը եւ արժեւորումները գովելի էին, ինչպէս նաեւ համայնքային կեանքէն ներս Պոլսոյ Պատրիարքութեան հովանաւորութեամբ եկեղեցւոյ թերակատարութիւնը լաւ գիծերով ներկայացուած էր։ Անդրադարձաւ նաեւ, թէ՝ իրեց եկեղեցականաց համար մեծ մխիթարութիւն եւ արդար ուրախութիւն էր նման կրտսէր եկեղեցականաց գործունէութեան ականատես դառնալ ու տեսնել, թէ՝ եկեղեցւոյ առաքելութիւնը կը շարունակուի։ Իր խօսքերու աւարտին, յայտնեց, թէ՝ նման տեսարանը յոյս կը ներշնչէր, բան մը որ կը պարզէր թէ թիւով նուազած ըլլալով հանդերձ տակաւին ծաղկուն էր Պոլսահայութիւնը եւ կարեւորութիւն կ՚ընծայէր իր եկեղեցիին։

Սրբազան Հօր խօսքէն յետոյ, միութեան գործադիր մարմնի ատենապետ Տթք. Մարք Քէօշկէր, յանուն միութեան յուշանուէր մը յանձնեց Հայր Սուրբին։ Հանդիսութեան աւարտին, ներկաներ մօտէն զրուցելու առիթը ունեցան հիւր հոգեւորականին հետ։  

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın