İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԵՆԻԳԱԲՈՒԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԱՏԱՂՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆԸ ՈԳԵՒՈՐ ԱՆՑԱՒ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 4 Դեկտեմբեր 2022, Կիրակի առաւօտ, Ենիգաբուի Ս. Թադէոս – Ս. Բարթողոմէոս Եկեղեցւոյ տօնախմբութեան ու մատաղօրհնութեան արարողութեանց նախագահեց։

Ս. Պատարագը մատոյց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Ներսէս Քհնյ. Այվազեան։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին Վահրամ Սրկ. Լիւլէճեան, Արթուն Սրկ. Թէքիրօղլու, Սարօ Սրկ. Աքչէլեան, կիսասարկաւագ եւ դպիրներ։ Արարողութեան ներկայ եղաւ Ս. Փրկիչ Հիւանդանոցի Մատրան հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Մելքոն Քհնյ. Փնարճեան։

Երգեցողութիւնները կատարուեցան ուխտաւոր դպիրներու կողմէ, առաջնորդութեամբ Լեւոն Քարատաղի։

Յաւարտ Ս. Պատարագի, Պատրիարք Հայրը քարոզեց, նախ անդրադարձաւ Ս. Թադէոս եւ Ս. Բարթողոմէոս առաքեալներու միջոցաւ Հայոց դարձին։ Ապա շեշտը դնելով երկու առաքեալներու ալ նահատակութեան վրայ, որոնցմով Քրիստոնէութեան սերմերը ցանուեցան մեր ժողովուրդին մէջ։Մեր Հոգեւոր Պետը ըսաւ թէ երկու առաքեալներն ալ Հայ ժողովուրդի մէջ մտան Քրիստոսի լոյսը բերելու համար։ Անոնք, մահուան վտանգին տեղեակ ըլլալով հանդերձ եկան։ Որովհետեւ անոնք մարդկութիւնը կը սիրէին, հոգ չէ թէ որ ազգութեան ալ պատկանին։ Անոնք եկան Քրիստոսաւանդ աւետիսը մեր ժողովուրդին փոխանցելու, իրենց մէջ ունենալով ճշմարիտ Աստուածը։ Ճշմարիտ Աստուած համամարդկային նիւթ է եւ Տէր Յիսուսի աշխարհ գալուստով յայտարարուած աւետիսը պէտք է ամէն կողմ տարածուի եւ այս պատճառով առաքեալները գացին ամբողջ ժողովուրդներուն։ Առաքեալներէն քաղելիք երկրորդ դասն էր լաւ բան յաջողցնելու համար անհրաժեշտ էր դժուարութիւն կրել։ Իրենք գացին Հայաստան՝ անծանօթ ժողովուրդի մը մէջ։ Քարոզեցին։ Դիւրին չէր։ Ամէն յաջողութիւն դժուարութիւններով կու գայ։ Մեր պարտականութիւնն է մեզի հասած Քրիստոնէութեան ջահը վառ պահել ու փոխանցել մեր յաջորդներուն։

Նորին Ամենապատուութիւնը շնորհաւորեց նորընտիր թաղային խորհուրդի անդամները եւ բոլորին կարողութիւն մաղթեց իրենց եկեղեցանուէր գործին մէջ։

Քարոզի աւարտին, կատարուեցաւ եկեղեցւոյ սատարողներու համար հոգեհանգստեան կարգ եւ մատաղօրհնէք։

Ս. Պատարագը ուղիղ եթերով տեսասփռուեցաւ համացանցի միջոցաւ ( https://www.facebook.com/TRHayBad/videos/515269187319026

Եկեղեցական արարողութեանց աւարտին, եկեղեցւոյ սրահին մէջ սարքուեցաւ սիրոյ սեղան։

Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın