Գարակէօզեան Տան հիմնադրութեան հարիւրամեակի առթիւ պատրաստուած գեղատիպ յուշամատեանի շնորհանդէսը տեղի ունեցաւ 3 Դեկտեմբեր 2022, Շաբաթ երեկոյ, Վարժարանի պարտէզը կանգնուած վրան-սրահին մէջ։
Շնորհանդէսին նախագահեց Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, իր շուրջ ունենալով հոգեւոր հայրեր, վարժարանի խնամակալութիւնը, տնօրէնուհին։ Մասնակցեցաւ մշակութասէր հասարակութիւնը։
Օրուան կոկիկ յայտագիրը սկսաւ վարժարանի ուսուցչուհիներէն Մարի Արզումանի բարի գալստեան խօսքով։
Ապա Վարժարանի տնօրէնուհի Նարօտ Վերոնիկ Քուրուղօղլու խօսեցաւ Վարժարանի պատմութեան կարեւոր էջերուն մասին։
Բեմ հրաւիրուեցաւ յուշամատեանը պատրաստող Սիրվարդ Մալխասեանը, որ պատմեց յուշամատեանի պատրաստութիւնը, փուլերը, աղբիւրները։ Անդրադարձաւ իւրաքանչիւր հաստատութեան դիւանական արձանագրութիւնները պահելու եւ առկան՝ պահպանելու կարեւորութեան։ Շեշտեց նաեւ մամուլի մեծ կարեւորութիւնը։ Շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք իրենց գրութիւններով կամ զանազան կերպերով ներդրում ունեցած են մեծածաւալ հատորի պատրաստութեան։ Ան իր խօսքի վերջաւորութեան ուրախութիւն յայտնեց, որ նման հատոր մը լոյս աշխարհ եկած էր եւ նման հատորներու պէտք ունինք, թէ՛ մեր պատմութիւնը սորվելու եւ թէ՛ պատմութիւնը յաջորդ սերունդներուն փոխանցելու տեսակէտէ։
Սրտի խօսքով հանդէս եկաւ Գարակէօզեան Տան երբեմնի սան, այժմ նոյն հաստատութեան Խնամակալութեան Ատենապետ Տիգրան Կիւլմէզկիլ եւ իր ուրախութիւնը յայտնեց, որ նման աշխատանք մը լոյս աշխարհ բերած էին։
Բեմ հրաւիրուեցան հարիւրամեակի յանձնախումբի անդամները, մեկենասները, ապա ներդրում ունեցողները, որոնցմէ իւրաքանչիւրին մէկական գիրք նուիրուեցաւ։
Յուշապնակներ նուիրուեցան յուշամատեանի հրատարակութեան մեկենասներ՝ Հայկ Արսլանեանի, Տիգրան Կիւլմէզկիլի եւ Սարգիս Գուլէկէչի։
Ապա Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը, Խնամակալութեան ատենապետը, յուշամատեանի աշխատասիրողը, Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան, Վարժարանի հիմնադիրի ներկայացուցիչ Գարուն Գովանն ու տնօրէնուհին բեմ բարձրանալով, հատորի առաջին օրինակին վրայ գինի թափելով կատարեցին գինեձօնը։
Ցուցադրուեցաւ հատորէն առնուած պատմական նկարներէն եւ հարիւրամեակի գործունէութիւններէն ու վարժարանի առօրեայ կեանքի լուսանկարներէն բաղկացած տեսաերիզ մը։
Շնորհանդէսի հուսկ բանքը արտասանեց Պատրիարք Հայրը եւ ըսաւ թէ մեր ժողովուրդի Ա. եւ Բ. Աշխարհամարտի դժուար տարիներուն որբեր խնամելու ուղղութեամբ մղուած պայքարի խորհրդանշանն է Գարակէօզեան Տունը։ Մեր ժողովուրդին իր կարօտ զաւակներուն տէր դառնալու պատմութիւնն է Գարակէօզեան տունը։ Եւ այսօր, երբ գրեթէ չունինք որբեր, Գարակէօզեանը որպէս դպրոց իր պաշտօնը յաջողութեամբ կը կատարէ։
Մեր Հոգեւոր Պետը դրուատալից խօսքերով արտայայտուեցաւ Գարակէօզեան տան ու վարչութեան մասին։ Նորին Ամենապատուութիւնը մեծապէս գնահատեց հատորը պատրաստողը, տնօրէնուհին, Խնամակալութիւնը, մեկենասները եւ բոլոր աշխատակիցները։
Հանդիսութենէն ետք, վարժարանի մուտքին սարքուեցաւ ընդունելութիւն մը, ուր ներկաներ առիթ ունեցան նոր հատորէն ստանալու եւ իրարու հետ զրուցելու։
Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad
İlk yorum yapan siz olun