İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԵՑ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԹԵՄԻ ՀԻՄՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ 95-ԱՄԵԱԿԸ

Այս շաբաթավերջին, օրհնութեամբ Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ Բարձր. Տ. Յովնան Արքեպս. Տէրտէրեանի, Խաչատուրեան Դպրաց Դաս Երգչախումբը պիտի կատարէ իր տարեկան տօնախմբութիւնը եւ Առաջնորդանիստ Ս. Ղեւոնդեանց Մայր Տաճարի մէջ պիտի պատարագէ՝ Պատրիարքական Աթոռոյ միաբաններէն՝ Հոգշ. Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան։

ԱՄՆ-ի Արեւմտեան Թեմը, 2022 տարեշրջանին սկսած էր նշել իր հիմնադրութեան 95 ամեակը եւ տարուայ ընթացքին տարբեր ծրագիրներով յիշատակուած էր Թեմի այս հանգրուանը։

Այս յատուկ առիթով, Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, ուղարկած է շնորհաւորական նամակ մը, որով յանուն Պատրիարքական Աթոռոյ, Պատկառելի Կրօնական Ժողովոյ, հոգեւորականաց դասու, համայնքային մարմիններու եւ հաւատացեալ ժողովուրդին շնորհաւորած է Նորին Սրբազնութիւնը։

Հայր Սուրբը, 2 Դեկտեմբեր 2022, Ուրբաթ օր ներկայացաւ Առաջնորդ Սրբազան Հօր եւ այս առաջին հերթին յանձնեց Նորին Ամենապատուութեան նամակը եւ փոխանցեց Պատրիարք Սրբազան Հօր ողջոյններն ու բարեմաղթութիւնները։ Բաց աստի, հայրական հոգածութեան համար շնորհակալութիւն յայտնեց Նորին Սրբազնութեան։ Պատրիարք Հայրը իր նամակին մէջ ի միջի այլոց կ՚ըսէր.

«Ուրախ ենք, որ այսօր Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմը կը պարզէ բարգաւաճ վիճակ մը, իր հոգեւոր, կրթական ու մշակութային հաստատութիւններով։ Սփիւռքի պայմաններուն մէջ մերազն ժողովուրդի մանուկներուն, պատանիներուն եւ երիտասարդներուն ուղղեալ կրթական ու դաստիարակչական առաքելութեան կարեւորութիւնը անուրանալի է։ Եւ որքան ուրախացուցիչ է տեսնել, թէ՝ թեմէն ներս կենսունակ է այս առաքելութիւնը, ընդ իմաստուն առաջնորդութեամբ մեր հոգեւոր եղբօր՝ Գերշ. Տ. Յովնան Արքեպս. Տէրտէրեանի, որ Արեւելեան Թեմի Առաջնորդական գաւազանագիրքին մէջ կը գրաւէ արժանաւոր տեղ մը, իր նախորդներուն թողած ծառայութեան դրօշը բարձր դիրքի հասցուցած ըլլալով»։

Յովնան Արքեպիսկոպոս, յայտնեց թէ՝ Դեկտեմբերին տարբեր եկեղեցիներու մէջ պիտի շարունակէին յիշատակութիւններու։ Այս առթիւ շնորհակալութիւն յայտնեց Պատրիարք Հօր եւ բարի գալուստ մաղթեց Հայր Սուրբին։

Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad 

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın