İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՎԱՒԵՐԱՑՈՒՑ ԲԵՐԻՈՅ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱԿԱՆ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆԸ

Ուրբաթ, 2 Դեկտեմբեր 2022-ին, Հալէպի Ազգային Առաջնորդարանին մէջ, գումարուեցաւ Բերիոյ հայոց թեմի Ազգային Երեսփոխանական Ժողովի 172-րդ նիստը, օրակարգ ունենալով թեմակալ առաջնորդի ընտրութիւնը։ Ընդառաջելով Ժողովի փափաքին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը միաբան հայրերէ բաղկացած եռանուն ցանկ մը ուղարկեց։ Ժողովը Հայրապետական պաշտօնագիրը ընթերցելէ ետք, փակ քուէարկութեամբ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան երէց միաբաններէն Գերաշնորհ Տէր Մակար Եպիսկոպոս Աշգարեանը միաձայնութեամբ ընտրեց Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ։

Արդարեւ, Երեսփոխանական Ժողովի դիւանը պաշտօնական նամակով մը Վեհափառ Հայրապետը տեղեակ պահեց ընտրութեան արդիւնքներուն մասին՝ հայցելով ընտրութեան վաւերացումը։ Այս առիթով, Նորին Ս. Օծութիւնը Հայրապետական 3 Դեկտեմբեր 2022 թուակիր պաշտօնագրով իր հայրական օրհնութիւնը փոխանցեց ժողովական անդամներուն եւ վաւերացուց Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդական ընտրութիւնը։ Վեհափառ Հայրապետը շնորհաւորեց Բերիոյ թեմը եւ յաջողութիւն մաղթեց իրագործելի բոլոր ծրագիրներուն ու աշխատանքներուն համար։

Գերշ. Տ. Մակար Եպս. Աշգարեան, աւազանի անունով Եսայի, ծնած է Պէյրութ, 21 Մարտ 1972 թուականին: Նախնական կրթութիւնը ստացած է Այնճարի ազգային Յառաջ-Գալուստ Կիւլպէնկեան վարժարանին մէջ, իսկ երկրորդական ուսումը՝ յիշեալ եւ Պուրճ Համուտի Շամիլեան-Թաթիկեան վարժարաններուն մէջ:

1999 թուականին մուտք գործած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանք եւ աւարտելով ուսումնական-կրթական ծրագիրը, 20 Մայիս 2001-ին, ձեռնադրուած եւ օծուած է կուսակրօն քահանայ ձեռամբ Գերշ. Տ. Վարուժան Արք. Հերկելեանի։ Մայրավանքէն եւ Դպրեվանքէն ներս Մակար սրբազան ստանձնած է զանազան պատասխանատուութիւններ՝ Դպրեվանքի հսկիչ եւ դասախօս, Մայր Տաճարի դպրապետ եւ լուսարարապետ, ինչպէս նաեւ քրիստոնէական դաստիարակութեան բաժանմունքի վարիչ եւ կիրակնօրեայ դպրոցներու տեսուչ։ Վեհափառ Հայրապետին տնօրինումով առաջնորդ սրբազանը նաեւ ծառայած է Թեսաղոնիկէի (Յունաստան) մէջ որպէս հոգեւոր հ

Աղբիւր։ Armenian Church, Holy See of Cilicia https://www.facebook.com/holyseeofcilicia 

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın