Ս. Անդրէաս Առաքեալի տօնին առթիւ, Յունաց Պատրիարքութեան կողմէ 30 Նոյեմբեր 2022, Չորեքշաբթի երեկոյ, պաշտօնական ընդունելութիւն մը սարքուած էր Հայաթ Հիւրանոցի մէջ։
Յունաց Ն.Ս.Տ.Տ. Բարթոլոմէոս Ծայրագոյն Պատրիարքի հրաւէրով ընդունելութեան մասնակցեցաւ նաեւ Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը։
Դաշնակի ունկնրութենէ ետք, բարի գալստեան խօսք արտասանեց Նորին Սրբութիւնը եւ պարզելով հաւաքին նպատակը, իր ուրախութիւնը յայտնեց, որ անգամ մը եւս կարելի եղած է մէկտեղուիլ Պատրիարքական Աթոռոյ տարեդարձի բարեբաստիկ առիթով։
Մեր Հոգեւոր Պետը Նորին Սրբութեան անձին մէջ անգամ մը եւս շնորհաւորեց Յունաց Պատրիարքական դարաւոր Աթոռի տարեդարձը եւ իր Գահակալին արեւշատութիւն մաղթեց։
Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad
İlk yorum yapan siz olun