İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՊԻՒՅԻՒՔՏԷՐԷԻ Ս. ՀՌԻՓՍԻՄԵԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ՂԵԿԸ ՍՏԱՆՁՆԵԼՈՒ ԹԵԿՆԱԾՈՒ ԿԱՊՈՅՏ ՑՈՒՑԱԿԻ ԱՆԴԱՄՆԵՐԸ ԵՐԷԿ ԽՄԲԱԳՐԱՏՈՒՆՍ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ

Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Պիւյիւքտէրէի Ս. Հռիփսիմեանց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ղեկը ստանձնելու համար թեկնածութիւն առաջադրած Կապոյտ ցուցակին ներկայացուցիչները։ Այսպէս, մեր հիւրերն էին Սեդա Պէշիկթաշլեան, Թալին Գույումճու, Լինտա Աքչէլեան եւ Մինաս Մեծատուր։

Հաճելի զրոյցի ընթացքին հիւրերը մեզի բացատրութիւններ տուին, թէ ինչպէս սկսած էր Կապոյտ ցուցակի ոդիսականը։ Արդարեւ, այս ցանկին մէջ ընդգրկուած են դէմքեր, որոնց բոլորն ալ ընտանեկան կամ այլ պատճառներով զգացական կապ ունին Վոսփորի Եւրոպական ափի մեր սրբավայրերուն հետ։ Այս թեկնածուները նախընտրական շրջանին ցաւով դիտարկած են, որ Պիւյիւքտէրէի եկեղեցւոյ նկատմամբ համայնքէն ներս համատարած անտարբերութիւն մը ստեղծուած է, մարդիկ գրեթէ մեր այս սրբավայրը աչքէ հանած ըլլալու կէտին հասած են՝ այժմու թաղային խորհուրդի ընդվզեցուցիչ եւ գայթակղեցուցիչ գործունէութեան հետեւանքով։ Ուստի, Կապոյտ ցուցակի անդամները այս դիտարկումներուն հիման վրայ որոշած են յանձնառութիւն ցուցաբերել ու շարժման անցած են, որպէսզի մեր այս եկեղեցին վերստին հարազատ սրբավայր մը դառնայ համայնքին համար։

Անոնք թէեւ ճանապարհ դուրս եկած են վճռակամութեամբ ու բարեկամեցողութեամբ, սակայն, նախընտրական ներկայ գործընթացին մէջ ահաւոր պայմաններ կը դիմագրաւեն։ Պիւյիւքտէրէի եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդը, նախ եւ առաջ, կազմած է ընտրական մարմին մը, որ գրեթէ ամբողջութեամբ մեր համայնքէն դուրս անձերէ կը բաղկանայ։ Այնտեղ կայ միակ բացառութիւն մը, որու ներկայութիւնը բաւարար չ՚ըլլար նախընտրական գործընթացի անորոշութիւնները եւ պղտորութիւնները յաղթահարելու համար։ Կանոնադրութեան մէջ նախատեսուած ժամկէտները Պիւյիւքտէրէի եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ընտրութեան համար բացարձակապէս չեն յարգուիր, ուստի գործընթացը շատ հեռու է բնականոն հունի մէջ ընթանալէ։

Հիւրերը զրոյցի ընթացքին բացատրեցին, որ քուէարկութենէն 21 օր առաջ, ըստ կանոնադրութեան, յայտնի պէտք է ըլլար, թէ ո՞ր կէտերուն վրայ քուէատուփեր պիտի դրուին, թեկնածուներու ի՞նչ ցուցակներ կան, ելեկտրոնիկ ենթակառուցուածքներ պիտի օգտագործուի՞ն եւ այլն։ 

Կապոյտ ցուցակի անդամները շեշտեցին, որ իրենց այս անորոշութիւններէն չափազանց անհանգիստ են, ընտրական մարմնին հետ շփումները համոզիչ ու հիմնաւորեալ պատասխաններ ունենալ չեն յաջողիր, սակայն, այս բոլորով հանդերձ չեն վհատիր եւ յամառօրէն կը պայքարին։ Հիւրերը յիշեցուցին, որ սկիզբին նախատեսուած էր քուէարկութիւնը միայն Պիւյիւքտէրէով սահմանափակել եւ ընտրութեան պաշտօնական զեկոյցը հրապարակուած էր միայն Սարըեէր գաւառակի տեղական թերթին մէջ։ Յետոյ յաջորդած իրադարձութիւններուն բերումով որոշուեցաւ մէկէ աւելի կէտի վրայ իրականացնել քուէարկութիւնը, սակայն, այժմ տակաւին այդ վայրերը չեն ճշդուած։ Կապոյտ ցուցակի թեկնածուները շեշտեցին, որ այս բոլորին կը դիմադրեն՝ միայն համայնքային շրջանակներու համատարած զօրակցութեան եւ խրախուսանքին շնորհիւ։

Երէկուան զրոյցին ընթացքին թեկնածուները նշեցին, որ համայնքը դառնացուցած այժմու թաղային խորհուրդը կ՚ուզեն փոխարինել եւ այս նպատակով համատարած աշխատանք կը տանին։ Անոնք կը գիտակցին, որ Պիւյիւքտէրէի մեր եկեղեցին ունի լաւ դիրք մը եւ անոր կալուածները կրնան աւելի նպատակասլաց ձեւով արժեւորուիլ։ Յամենայնդէպս, եկեղեցւոյ եւ անոր ստացուածքին վերաբերեալ պաշտօնական որեւէ վստահելի տուեալ գոյութիւն չունի։ Արդէն այս թեկնածուներուն հիմնական առաջադրանքներէն մին է յաղթահարել այն երեւոյթներն ու մտայնութիւնը, որոնք այսօրուան ցաւալի կացութեան ծնունդ տուած են։ Կապոյտ ցուցակի թեկնածուներու շարքին մեծամասնութիւն կը կազմեն իգական սեռի ներկայացուցիչները։

Պիւյիւքտէրէի եկեղեցին, ափսոս, որ երկար ժամանակէ ի վեր մեր համայնքէն ներս կոտտացող վէրքի մը վերածուած է։ Այժմու թաղային խորհուրդը յաչս համայնքային շրջանակներուն համբերութեան բաժակը վաղուց յորդեցուցած է, ուստի, Կապոյտ ցուցակի հաշուարկներուն մէջ ժողովրդական յենարաններ ապահովելու տեսակէտէ յոռետեսութիւն մը բացարձակապէս խնդրոյ առարկայ չէ։ Այստեղ հիմնական մտահոգութիւնը այն է, որ վարչական խաղերով ընտրութեան գործընթացը կրնայ առողջ հունէ մը դուրս բերուիլ եւ ժողովուրդի կամքի արտայայտութիւնը խոչընդոտուի։ Կապոյտ ցուցակի թեկնածուները ամէն ջանք ի գործ կը դնեն այս ցաւալի հաւանականութիւնները կանխելու համար։

http://www.jamanak.com/content/թրքահայ-կեանք/1-12-2022-պիւյիւքտէրէի-ս-հռիփսիմեանց-եկեղեցւոյ-թաղային-խորհուրդի-ղեկը

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın