Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 30 Նոյեմբեր 2022, Չորեքշաբթի, Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց Ա.Մ.Ն.ու Ստանպուլի նորանշանակ Աւագ Հիւպատոս Ճուլի Էտէն։
Յարգելի հիւրը իր նոր պաշտօնի այս օրերուն եկած էր Պատրիարքարան, Հայոց Պատրիարքական Աթոռոյ եւ անոր Սրբազան գահակալին, Հայ համայնքին ու համայնքային կառոյցին ծանօթանալու համար։ Տեսակցութեան ընթացքին Նորին Ամենապատուութենէն ստացաւ Աթոռոյ պատմութեան եւ առաքելութեան մասին ընդհանուր գիտելիքներ։
Պատրիարք Հայրը յատկապէս յիշեցուց թէ՝ Հայ Եկեղեցւոյ կարեւոր կեդրոններէն մին է Պոլսոյ Աթոռը եւ իր սահմաններէն ներս կը ջանայ պատասխանել համայնքի զաւակներուն կրօնական, բարոյական եւ մշակութային պահանջքներուն։ Պատրիարք Հայրը, շնորհակալութիւն յայտնեց յարգելի հիւրին անդրանիկ այս այցելութեան առիթով եւ յաջողութիւն մաղթեց դիւանագիտական իր նոր պաշտօնին մէջ։
Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad
İlk yorum yapan siz olun