İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԹՕՓԳԱԲՈՒԻ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԱՅՑԸ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 29 Նոյեմբեր 2022, Երեքշաբթի, ընդունեց Թօփգաբուի Ս. Նիկողայոս Եկեղեցւոյ եւ Լեւոն Վարդուհեան Վարժարանի Թաղային Խորհուրդի անդամները, հոգեւոր հովիւ Հոգշ. Տ. Եղիշէ Վրդ. Ուչքունեանի առաջնորդութեամբ եւ Նուրհան Սուճուեանի գլխաւորութեամբ։

Այցելուները այս այցելութեամբ խնդրեցին Նորին Ամենապատուութեան հովանաւորութիւնն ու նախագահութիւնը Եկեղեցւոյ տարեկան տօնախմբութեան, որ պիտի կատարուի յառաջիկայ 11 Դեկտեմբեր, Կիրակի առաւօտ, Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ։

Անոնք տեղեկութիւն տուին հայութենէ նօսրացած Թօփգաբուի Ս. Նիկողայոս Եկեղեցւոյ եւ թաղի Լեւոն Վարդուհեան Վարժարանի, իրենց գործունէութեանց ու ապագայի ծրագիրներու մասին։

Պատրիարք Հայրը նախ շնորհաւորեց Թաղային Խորհուրդի ընտրութիւնը, կազմին նոր մասնակցող անդամները եւ իրենց նորանոր յաջողութիւններ մաղթեց։ Ապա ուրախութիւնը յայտնեց թաղի վարժարանի սաներուն յաջողութեան համար եւ խոստացաւ սիրով ընդառաջել Թօփգաբուի հրաւէրին եւ կարողութիւն ու յաջողութիւն մաղթեց իրենց եկեղեցաշէն եւ կրթանուէր գործունէութեանց մէջ։

Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın